Կառավարութիւնը ՍԴ դատաւորի պաշտօնին հաստատեց Վահրամ Աւետիսեանի թեկնածութիւնը

ՀՀ կառավարութիւնը Սահմանադրական դատարանի դատաւորի թեկնածու պիտի առաջադրէ Վահրամ Աւետիսեանը: Հարցը ներառուած էր կառավարութեան այսօրուան նիստին օրակարգին մէջ եւ Կառավարութիւնը հաստատեց ՍԴ դատաւորի պաշտօնին Վահրամ Աւետիսեանի թեկնածութիւնը:  Կառավարութեան նիստին թեկնածուն նշեց, որ որպէս ՍԴ դատաւոր՝ պէտք է ապահովէ ՍԴ դատաւորի անկախութիւնը, ապաքաղաքականացուածութիւնը, անաչառութիւնը: «Հաշուի առնելով մեր երկրին մէջ ստեղծուած իրողութիւնները՝ պէտք է ապահովել ժողովրդավարութեան զարգացման գործին մէջ ՍԴ դերակատարութիւնը: Ժողովրդավարական արժէքները դասակարգումներ չեն, անոնք եղափոխութիւն կ’ապրին, եւ ՍԴ-ն, իր հիմքը ունենալով անհատի իրաւունքներն ու ազատութիւնները, պէտք է գործէ անոնց զուգահեռ՝ ապահովելով գործադիր, օրէնսդիր, դատական իշխանութեան ներդաշնակ գործունէութիւնը»,- ըսած է թեկնածուն: Վարչապետը յաջողութիւն մաղթեց թեկնածուին ԱԺ քննարկումներուն եւ ընտրուելէ ետք՝ նաեւ ՍԴ դատաւորի
23 Հուլիսի 2020
3 ր. ընթերցում
Կառավարութիւնը ՍԴ դատաւորի պաշտօնին հաստատեց Վահրամ Աւետիսեանի թեկնածութիւնը

ՀՀ կառավարութիւնը Սահմանադրական դատարանի դատաւորի թեկնածու պիտի առաջադրէ Վահրամ Աւետիսեանը:

Հարցը ներառուած էր կառավարութեան այսօրուան նիստին օրակարգին մէջ եւ Կառավարութիւնը հաստատեց ՍԴ դատաւորի պաշտօնին Վահրամ Աւետիսեանի թեկնածութիւնը: 

Կառավարութեան նիստին թեկնածուն նշեց, որ որպէս ՍԴ դատաւոր՝ պէտք է ապահովէ ՍԴ դատաւորի անկախութիւնը, ապաքաղաքականացուածութիւնը, անաչառութիւնը:

«Հաշուի առնելով մեր երկրին մէջ ստեղծուած իրողութիւնները՝ պէտք է ապահովել ժողովրդավարութեան զարգացման գործին մէջ ՍԴ դերակատարութիւնը: Ժողովրդավարական արժէքները դասակարգումներ չեն, անոնք եղափոխութիւն կ’ապրին, եւ ՍԴ-ն, իր հիմքը ունենալով անհատի իրաւունքներն ու ազատութիւնները, պէտք է գործէ անոնց զուգահեռ՝ ապահովելով գործադիր, օրէնսդիր, դատական իշխանութեան ներդաշնակ գործունէութիւնը»,- ըսած է թեկնածուն:

Վարչապետը յաջողութիւն մաղթեց թեկնածուին ԱԺ քննարկումներուն եւ ընտրուելէ ետք՝ նաեւ ՍԴ դատաւորի կարգավիճակին: 

Վահրամ Աւետիսեանի կենսագրութիւնը՝ այստեղ: 

«Մենք չենք կրնար դառնալ Ալիեւի ստեղծած ծուղակի պատանդը» Փաշինեանը ՝ Կութերեսին
Նախորդ նիւթը

«Մենք չենք կրնար դառնալ Ալիեւի ստեղծած ծուղակի պատանդը» Փաշինեանը ՝ Կութերեսին

Մեր երկիրն ու հասարակութիւնը դիմակայունութեան ու համախմբուածութեան նոր մակարդակի հասած են․ Փաշինեան
Յաջորդ նիւթը

Մեր երկիրն ու հասարակութիւնը դիմակայունութեան ու համախմբուածութեան նոր մակարդակի հասած են․ Փաշինեան

ԱնցնիլՎեր