Կարեւոր է յաջողութեամբ աւարտել հայ-ատրպէյճանական կարգաւորման գործընթացը. ԱՄՆ պետական քարտուղարի օգնական

Տարածաշրջանին մէջ կայուն խաղաղութիւն եւ անվտանգութիւն հաստատելու համար կարեւոր է յաջողութեամբ աւարտել Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը, բանակցութիւններու միջոցով լուծել առկայ խնդիրները։ Ատրպէյճանական լրատուամիջոցներու հաղորդմամբ՝ այս մասին այսօր Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ զրոյցին ըսած է Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարի Եւրոպայի եւ Եւրասիայի հարցերով օգնականի պաշտօնակատար Տերեք Հոկան։ Ան նշած է, որ Միացեալ Նահանգները պատրաստ է աջակցելու խաղաղութեան գործընթացին։ Ըստ նոյն աղբիւրի՝ Ճէյհուն Պայրամով կրկին մեղադրանքներ ուղղած է Հայաստանի հասցէին, պնդած, թէ «Հայաստանը կը խոչընդոտէ հայ բնակիչները վերահամարկելու Ատրպէյճանի ջանքերը» եւ այլն։
18 Ապրիլի 2023
2 ր. ընթերցում
Կարեւոր է յաջողութեամբ աւարտել հայ-ատրպէյճանական կարգաւորման գործընթացը. ԱՄՆ պետական քարտուղարի օգնական

Տարածաշրջանին մէջ կայուն խաղաղութիւն եւ անվտանգութիւն հաստատելու համար կարեւոր է յաջողութեամբ աւարտել Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը, բանակցութիւններու միջոցով լուծել առկայ խնդիրները։

Ատրպէյճանական լրատուամիջոցներու հաղորդմամբ՝ այս մասին այսօր Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ զրոյցին ըսած է Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարի Եւրոպայի եւ Եւրասիայի հարցերով օգնականի պաշտօնակատար Տերեք Հոկան։

Ան նշած է, որ Միացեալ Նահանգները պատրաստ է աջակցելու խաղաղութեան գործընթացին։

Ըստ նոյն աղբիւրի՝ Ճէյհուն Պայրամով կրկին մեղադրանքներ ուղղած է Հայաստանի հասցէին, պնդած, թէ «Հայաստանը կը խոչընդոտէ հայ բնակիչները վերահամարկելու Ատրպէյճանի ջանքերը» եւ այլն։

Թուրքիա եւ Ատրպէյճան զօրավարժութիւններ պիտի կայացնեն Կարսի մէջ
Նախորդ նիւթը

Թուրքիա եւ Ատրպէյճան զօրավարժութիւններ պիտի կայացնեն Կարսի մէջ

ՀՀ քաղաքացիները որքանո՞վ թոյլ կու տան ցաւոտ լուծումներու երթալ. Փաշինեանը` խաղաղութեան մասին
Յաջորդ նիւթը

ՀՀ քաղաքացիները որքանո՞վ թոյլ կու տան ցաւոտ լուծումներու երթալ. Փաշինեանը` խաղաղութեան մասին

ԱնցնիլՎեր