Կը կարծենք՝ այս երկու երկրի միջեւ հնարաւոր է խաղաղութիւն. Պետական Քարտուղարութիւնը՝ Միրզոյեան-Պայրամով հանդիպման մասին

ԱՄՆ պետական քարտուղարութեան փոխխօսնակ Վետանթ Փաթելը ճեպազրոյցին անդրադարձած է ԱՄՆ-ի միջնորդութեամբ երէկ կայացած հայ-ատրպէյճանական բանակցութիւններուն: «ԱՄՆ-ն ուրախ է հիւրընկալելու Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Միրզոյեանը եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Պայրամովը այս շաբաթ բանակցութիւնները կայացնելու նպատակով, քանի որ անոնք միասին կ’աշխատին Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանի խաղաղ ապագային հասնելու համար: Պետական քարտուղարը կը կարծէ, որ ուղիղ երկխօսութիւնը առանցքային է խնդիրներու լուծման եւ կայուն խաղաղութեան հասնելու համար, եւ ատոր մէջ է, որ ան խորապէս ներգրաւուած է, եւ որուն մէջ խորապէս ներգրաւուած է նաեւ աւագ համակարգող Պոնոն: Եւ այդ է (կայուն խաղաղութեան հասնիլ — խմգ.), որուն մենք պիտի շարունակենք մեծ ուշադրութիւն դարձնել: Եւ մենք կը
3 Մայիսի 2023
4 ր. ընթերցում
Կը կարծենք՝ այս երկու երկրի միջեւ հնարաւոր է խաղաղութիւն. Պետական Քարտուղարութիւնը՝ Միրզոյեան-Պայրամով հանդիպման մասին

ԱՄՆ պետական քարտուղարութեան փոխխօսնակ Վետանթ Փաթելը ճեպազրոյցին անդրադարձած է ԱՄՆ-ի միջնորդութեամբ երէկ կայացած հայ-ատրպէյճանական բանակցութիւններուն:

«ԱՄՆ-ն ուրախ է հիւրընկալելու Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Միրզոյեանը եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Պայրամովը այս շաբաթ բանակցութիւնները կայացնելու նպատակով, քանի որ անոնք միասին կ’աշխատին Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանի խաղաղ ապագային հասնելու համար:

Պետական քարտուղարը կը կարծէ, որ ուղիղ երկխօսութիւնը առանցքային է խնդիրներու լուծման եւ կայուն խաղաղութեան հասնելու համար, եւ ատոր մէջ է, որ ան խորապէս ներգրաւուած է, եւ որուն մէջ խորապէս ներգրաւուած է նաեւ աւագ համակարգող Պոնոն: Եւ այդ է (կայուն խաղաղութեան հասնիլ — խմգ.), որուն մենք պիտի շարունակենք մեծ ուշադրութիւն դարձնել:

Եւ մենք կը կարծենք, որ այս երկու երկիրներու միջեւ հնարաւոր է խաղաղութիւն, եւ մենք ուրախ ենք անոնց ողջունելու», — ըսած է Փաթել:

Անդրադառնալով Արտաքին գործոց  նախարարներու բանակցութիւններու հաւանական յաջող արդիւնքի վերաբերեալ Պետական քարտուղարութեան տեսլականին՝ Փաթել նշած է. «Վերջիվերջոյ, այս երկու երկիրներու որոշելիքն է, թէ այդ ինչ կը նշանակէ: Ի վերջոյ, մենք կը հաւատանք, որ Հարաւային Կովկասի մէջ հնարաւոր է խաղաղութիւն: Եւ այդ է որ մենք կը փնտռենք՝ խաղաղութիւն եւ կայունութիւն այս երկու երկիրներու միջեւ Լեռնային Ղարաբաղի տարածաշրջանին մէջ»։

Ան հրաժարած է, որեւէ այլ մանրամասնութիւն ներկայացնելէ՝ բոլորին խորհուրդ տալով սպասել բանակցութիւններու արդիւնքները:

Միրզոյեան-Պայրամով բանակցութիւնները պիտի տեւեն մի քանի օր
Նախորդ նիւթը

Միրզոյեան-Պայրամով բանակցութիւնները պիտի տեւեն մի քանի օր

Ըստ Մոսկուայի՝ Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի միջեւ եռակողմ համաձայնութիւններուն այլընտրանք չկայ
Յաջորդ նիւթը

Ըստ Մոսկուայի՝ Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի միջեւ եռակողմ համաձայնութիւններուն այլընտրանք չկայ

ԱնցնիլՎեր