Կիպրոսի ՌԱԿ-ի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Ազգային Առաջնորդարան

Սեպտեմբեր 11-ին, Կիպրոսի Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Շրջանային Վարչութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւնը այցելեց Ազգային Առաջնորդարան, ուր հանդիպում ունեցաւ Թեմիս Կաթողիկոսական Փոխանորդ Գերշ. Տ. Խորէն Արք. Տողրամաճեանի հետ: Խօսակցութեան ընթացքին արծարծուեցան կիպրահայ գաղութը մտահոգող հարցեր, ի մասնաւորի` վերջին ամիսներուն Արցախի շուրջ ծաւալուող մտահոգիչ իրադարձութիւնները եւ հոն բնակուող հայութեան մտահոգիչ իրավիճակը: Պատուիրակութիւնը պատրաստակամութիւն յայտնեց իր մասնակցութիւնը բերել ի նպաստ կիպրահայութեան եւ մասնաւորաբար արցախահայութեան սատարելու ուղղութեամբ տարուող ջանքերուն: Սրբազան Հայրը անդրադարձաւ Անթիլիասի մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախաձեռնութեամբ երեք կուսակցութիւններու եւ լիբանանահայ հոգեւոր պետերու վերջերս տեղի ունեցած հանդիպումի կարեւորութեան: Ապա ներկաներուն փոխանցեց իր քաջալերանքը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց շահեկան հանդիպումի համար:
14 Սեպտեմբերի 2023
3 ր. ընթերցում
Կիպրոսի ՌԱԿ-ի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Ազգային Առաջնորդարան

Սեպտեմբեր 11-ին, Կիպրոսի Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Շրջանային Վարչութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւնը այցելեց Ազգային Առաջնորդարան, ուր հանդիպում ունեցաւ Թեմիս Կաթողիկոսական Փոխանորդ Գերշ. Տ. Խորէն Արք. Տողրամաճեանի հետ:

Խօսակցութեան ընթացքին արծարծուեցան կիպրահայ գաղութը մտահոգող հարցեր, ի մասնաւորի` վերջին ամիսներուն Արցախի շուրջ ծաւալուող մտահոգիչ իրադարձութիւնները եւ հոն բնակուող հայութեան մտահոգիչ իրավիճակը:

Պատուիրակութիւնը պատրաստակամութիւն յայտնեց իր մասնակցութիւնը բերել ի նպաստ կիպրահայութեան եւ մասնաւորաբար արցախահայութեան սատարելու ուղղութեամբ տարուող ջանքերուն:

Սրբազան Հայրը անդրադարձաւ Անթիլիասի մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախաձեռնութեամբ երեք կուսակցութիւններու եւ լիբանանահայ հոգեւոր պետերու վերջերս տեղի ունեցած հանդիպումի կարեւորութեան: Ապա ներկաներուն փոխանցեց իր քաջալերանքը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց շահեկան հանդիպումի համար:

Հոգեւոր  պետերը  եւ  քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները կոչ կ՛ուղղեն Արցախի զօրակցութեան  համատարած աշխատանքներ ծաւալելու
Նախորդ նիւթը

Հոգեւոր պետերը եւ քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները կոչ կ՛ուղղեն Արցախի զօրակցութեան համատարած աշխատանքներ ծաւալելու

ՌԱԿ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ՆՈՐ ԿԱԶՄԸ
Յաջորդ նիւթը

ՌԱԿ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ՆՈՐ ԿԱԶՄԸ

ԱնցնիլՎեր