Կ’ողջունենք Փաշինեանի խիզախութիւնը. Յունաստանի ԱԳ նախարար

Յունաստանի արտաքին գործոց նախարար Նիքոս Տենտիաս Երեւանի մէջ յստակ պատգամ յղեց այն երկիրներուն, որոնք կը փորձեն վերասահմանել քարտէսները. վերանայման քաղաքականութիւնը պիտի ձախողի: «Արմէնփրես» հաղորդեց, որ Տենտիաս այս մասին յայտարարած է Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ տրուած մամլոյ միացեալ ասուլիսի ընթացքին: «Յունաստանը բազմիցս շեշտած է, որ կ՛աջակցի բոլոր պետութիւններու գերիշխանութեան ու տարածքային ամբողջականութեան, եւ ատիկա, ի հարկէ, նաեւ կը վերաբերի մեր լաւ ընկեր Հայաստանին: Մենք սահմաններու անքակտելիութեան կը հաւատանք», ըսաւ Տենտիաս: Ան նշեց այն հանգամանքը, որ քանի մը օր առաջ Հայաստանի տարածքը կը ռմբակոծուէր ազրպէյճանական ուժերուն կողմէ: Ան Յունաստանի համերաշխութիւնը յայտնեց Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան եւ ժողովուրդին: «Ես պիտի
27 Սեպտեմբերի 2022
9 ր. ընթերցում
Կ'ողջունենք Փաշինեանի խիզախութիւնը. Յունաստանի ԱԳ նախարար

Յունաստանի արտաքին գործոց նախարար Նիքոս Տենտիաս Երեւանի մէջ յստակ պատգամ յղեց այն երկիրներուն, որոնք կը փորձեն վերասահմանել քարտէսները. վերանայման քաղաքականութիւնը պիտի ձախողի: «Արմէնփրես» հաղորդեց, որ Տենտիաս այս մասին յայտարարած է Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ տրուած մամլոյ միացեալ ասուլիսի ընթացքին:

«Յունաստանը բազմիցս շեշտած է, որ կ՛աջակցի բոլոր պետութիւններու գերիշխանութեան ու տարածքային ամբողջականութեան, եւ ատիկա, ի հարկէ, նաեւ կը վերաբերի մեր լաւ ընկեր Հայաստանին: Մենք սահմաններու անքակտելիութեան կը հաւատանք», ըսաւ Տենտիաս:

Ան նշեց այն հանգամանքը, որ քանի մը օր առաջ Հայաստանի տարածքը կը ռմբակոծուէր ազրպէյճանական ուժերուն կողմէ: Ան Յունաստանի համերաշխութիւնը յայտնեց Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան եւ ժողովուրդին:

«Ես պիտի ուզէի նաեւ յստակ պատգամ յղել այն երկիրներուն, որոնք կը փորձեն վերասահմանել քարտէսները: Իմ պատգամս հետեւեալն է` վերանայման քաղաքականութիւնները պիտի ձախողին: Ես պիտի նշեմ այդպիսի յաւելեալ ուժ մը` Թուրքիան, որ կը փորձէ օգտուիլ այս խառն կացութենէն, որպէսզի անյարգալից ըլլայ կայունութեան նկատմամբ: Մենք վկայ ենք թրքական հռետորաբանութեան, արտօնեցէք ըսել, որ Թուրքիան նաեւ դէմ էր, որ Յունաստանը քանի մը պաշտպանական զէնքեր ուղարկէ յունական կղզիներ: Եւ ասիկա կը կատարուի այն պայմաններուն մէջ, երբ Յունաստանը կը գործէ իր պարտաւորութիւններու ծիրին մէջ, եւ այս պարտաւորութիւնները կը բխին Լոզանի համաձայնագիրէն», ընդգծեց Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարը` աւելցնելով, որ Թուրքիան դէմ է, որովհետեւ Յունաստանը չ՛արտօներ, որ իր տարածքները մնան անպաշտպան:

Ըստ անոր, Թուրքիան այս պահուս կը սպառնայ պատերազմի սկսիլ Յունաստանի դէմ: Արտաքին գործոց նախարարը ընդգծեց` Յունաստանը պատրաստ է եւ կ՛ուզէ Թուրքիոյ հետ սկսիլ կառուցողական երկխօսութիւն` միջազգային օրէնքի ծիրին մէջ, նաեւ պատրաստ է ինքզինք եւ իր իրաւունքները պաշտպանելու:

Երկու արտաքին գործոց նախարարները Երեւանի մէջ նաեւ քննարկած են Կովկասի մէջ անվտանգութեան մարտահրաւէրը:

«Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերեալ մեր դիրքորոշումը կը մնայ անփոփոխ, մենք կ՛աջակցինք խաղաղ, փոխադարձ ընդունելի լուծումներու հասնելուն` միջազգային իրաւունքի ծիրին մէջ: Միջազգային օրէնքը միջազգային յարաբերութիւններու եւ քաղաքականութեան համար «Սուրբ կտակարան է»:

Ան ընդգծեց, որ լուծումները եւ խաղաղութիւնը չեն կրնար կառուցուիլ այն պայմաններուն մէջ, երբ կայ ուժի կիրարկման սպառնալիք: Յունաստանը պիտի շարունակէ աջակցիլ երկկողմանի բանակցութիւնները սկսելուն: Նիքոս Տենտիաս աւելցուց, որ իրենք կը հաւատան, որ մարդասիրական խնդիրները պէտք է լուծուին անյապաղ, մարդասիրական իրաւունքը պէտք է յարգուի:

«Այս տեսակէտէ մենք կ’ողջունենք վարչապետ Փաշինեանի խիզախութիւնը, ովրառաջարկած է նոր մօտեցում այս տարածաշրջանի ապագայի համար։ Սակայն, ինչպէս երէկ նախագահ Մաքրոնն ըսաւ, լուծումներն ու խաղաղութինը չեն կրնար կառուցուիլ ուժի կիրառման սպառնալիքի պայմաններուն մէջ»,– ըսած է Տենտիասը` աւելցնելով, որ Յունաստանը եւս պատրաստ է ԵՄ գործընկերներու հետ աջակցելու երկխօսութեան` խաղաղ լուծումներ գտնելու հարցով:

ԱՄՆ կոչ կ'ընէ Ատրպէյճանին ետ քաշելու զօրքերը ելման դիրքեր․ Նետ Փրայս
Նախորդ նիւթը

ԱՄՆ կոչ կ’ընէ Ատրպէյճանին ետ քաշելու զօրքերը ելման դիրքեր․ Նետ Փրայս

Ուժի կիրառման սպառնալիքի գործադրմամբ Ատրպէյճան կը փորձէ կեանքի կոչել իր առաւելապաշտական նկրտումները. ՀՀ ԱԳՆ
Յաջորդ նիւթը

Ուժի կիրառման սպառնալիքի գործադրմամբ Ատրպէյճան կը փորձէ կեանքի կոչել իր առաւելապաշտական նկրտումները. ՀՀ ԱԳՆ

ԱնցնիլՎեր