Կրօնամոլ դրդումներ կը սպառնան Անիին. «Ակօս»

Հանրածանօթ լրագրող Իսմայիլ Սայմազ «Հալք Թվ»ի հա­մացան­ցի էջին վրայ հրա­տարա­կած է գրու­թիւն մը, ուր կը պատ­մէ Անիի պատ­մա­կան մզկիթի բա­ցուե­լու խնդի­րը։ «Հա­յոց թա­գաւո­րու­թեան մայ­րա­քաղա­քը պատ­մութեան մէջ են­թարկուեցաւ Բիւ­զանդիոնի, վրաց իշ­խաննե­րու, սել­ճուկեան թուրքե­րու, մոն­կոլնե­րու, եւ զա­քարեան­նե­րու արշաւանքներուն։ Անին բո­լոր այդ շրջան­նե­րէն հետ­քեր կը պա­րու­նա­կէ։ Մայր եկե­ղեցի­ներ, հե­թանո­սական տա­ճար­ներ, բաղ­նիքներ, իջե­ւան­ներ եւ եր­կու մզկիթ։ Այդ մզկիթ­նե­րէն մէ­կը կը կո­չուի Ապու Մու­համմե­րան, որուն միայն աշ­տա­րակէն բե­կոր­ներ մնա­ցած են մեր օրե­րուն։ Երկրոր­դը Ապու Մա­նու­չէր մզկիթն է, որ կա­ռու­ցո­ւած է Անի քա­ղաքի Սել­չուքնե­րու կող­մէ ար­շա­ւու­մէն ետք 1072 թո­ւին Ապու Մա­նու­չէր Պե­կի կող­մէ։ Ան կը հա­մարո­ւի արեւմտեան Հա­յաս­տա­նի մէջ առա­ջին թրքա­կան մզկիթ։ Թուրքիոյ եւ Հա­յաս­տա­նի մի­ջեւ սահ­մա­նագիծ
14 Հունվարի 2022
14 ր. ընթերցում
Կրօնամոլ դրդումներ կը սպառնան Անիին. «Ակօս»

Հանրածանօթ լրագրող Իսմայիլ Սայմազ «Հալք Թվ»ի հա­մացան­ցի էջին վրայ հրա­տարա­կած է գրու­թիւն մը, ուր կը պատ­մէ Անիի պատ­մա­կան մզկիթի բա­ցուե­լու խնդի­րը։

«Հա­յոց թա­գաւո­րու­թեան մայ­րա­քաղա­քը պատ­մութեան մէջ են­թարկուեցաւ Բիւ­զանդիոնի, վրաց իշ­խաննե­րու, սել­ճուկեան թուրքե­րու, մոն­կոլնե­րու, եւ զա­քարեան­նե­րու արշաւանքներուն։ Անին բո­լոր այդ շրջան­նե­րէն հետ­քեր կը պա­րու­նա­կէ։ Մայր եկե­ղեցի­ներ, հե­թանո­սական տա­ճար­ներ, բաղ­նիքներ, իջե­ւան­ներ եւ եր­կու մզկիթ։ Այդ մզկիթ­նե­րէն մէ­կը կը կո­չուի Ապու Մու­համմե­րան, որուն միայն աշ­տա­րակէն բե­կոր­ներ մնա­ցած են մեր օրե­րուն։ Երկրոր­դը Ապու Մա­նու­չէր մզկիթն է, որ կա­ռու­ցո­ւած է Անի քա­ղաքի Սել­չուքնե­րու կող­մէ ար­շա­ւու­մէն ետք 1072 թո­ւին Ապու Մա­նու­չէր Պե­կի կող­մէ։ Ան կը հա­մարո­ւի արեւմտեան Հա­յաս­տա­նի մէջ առա­ջին թրքա­կան մզկիթ։ Թուրքիոյ եւ Հա­յաս­տա­նի մի­ջեւ սահ­մա­նագիծ հա­մարուող Ար­փաչայ գե­տի եզ­րին խոր ձո­րի մը վրայ կա­ռու­ցո­ւած է եւ որ­քան ալ ան­հա­ւատա­լի թո­ւի կը պատ­րաստո­ւի պաշ­տա­մունքի վե­րաբա­ցուե­լու։ Մշա­կոյ­թի նա­խարա­րու­թեան, գի­տու­թեան, ճար­տա­րագի­տու­թեան եւ թեխ­նո­լոկիայի նա­խարա­րու­թեան եւ Սեր­հատ զար­գացման աժան­սի մի­ջեւ ստո­րագ­րուած ար­ձա­նագ­րութեան մի­ջոցաւ պատ­մա­կան մզկի­թը փո­խան­ցո­ւեցաւ Կարս քա­ղաքի Կրօ­նից Տես­չութեան, այ­սինքն միւֆթիւու­թեան։ Առա­ջին ան­գամ նա­խորդ տա­րուայ 3 Օգոս­տո­սին ազան հնչեց։ Այժմ կը սպա­սուի։ Կրօ­նից Տես­չութեան սոյն ար­ձա­նագ­րութիւ­նը վա­ւերաց­նե­լը եւ իմամ մը նշա­նակե­լը»։

Իս­մա­յիլ Սայ­մազ ապա իր յօ­դուա­ծին կը շա­րու­նա­կէ Կար­սի կու­սա­կալ Թունճէր Թիւրքէր Էօք­սիւզի այս մա­սին տո­ւած բա­ցատ­րութիւննե­րով. «Անին այ­ցե­լող­նե­րը յայտնած էին մզկի­թի մը կա­րիքը։ Այսպէս թէ զբօ­սաշրջիկ­նե­րու, թէ տա­րած­քի բնա­կիչ­նե­րու եւ թէ պաշ­տօ­նէու­թեան պաշ­տա­մունքի կա­րիք­նե­րը ապա­հովո­ւած պի­տի ըլ­լան։ Իսկ բուն նպա­տակն է Անա­թոլիայի առա­ջին թրքա­կան մզկի­թը դար­ձեալ կեն­դա­նաց­նել»։

Իս­մա­յիլ Սայ­մազ մեկ­նա­բանե­լով կու­սա­կալի այս բա­ցատ­րութիւ­նը իրա­ւացի չի գտներ Անիի աւարկնե­րը այ­ցե­լող զբօ­սաշրջի­կին մզկի­թի մը կա­րիք զգա­լու վար­կա­ծը։ Ան դի­տել կու տայ որ Անիի աւե­րակ­նե­րու կից Օճաք­լը գիւ­ղը ար­դէն մզկիթ մը ու­նի։ Պաշ­տօ­նէու­թիւնը այդ գիւ­ղի բնա­կիչ­նե­րէն է եւ եթէ պէտք ու­նին կրնան այս գիւ­ղի մզկի­թէն օգ­տո­ւին։ «Նշեմ որ Ապու Մա­նու­չէր մզկի­թը զուրկ է նա­մազի աղօթ ընե­լէ առաջ անհրա­ժեշտ եղած ապ­տեսթի՝ այ­սինքն ձեռ­քե­րը եւ ոտ­քերը լո­ւալու դրու­թե­նէ»։

Սայ­մազ այս մա­սին կար­ծիքներ ստա­ցած է նաեւ մաս­նա­գէտէ մը։ Այդ մաս­նա­գէտը 2012-էն մին­չեւ 2019 թո­ւական­ներ հնա­գիտա­կան պե­ղումնե­րը ղե­կավա­րած է եւ նպաս­տած է Անիի աւե­րակ­նե­րուն ՈՒ­ՆԵՍՔՕ-ի հա­մաշ­խարհա­յին մշա­կոյ­թի ժա­ռան­գին նե­րառ­ման։ Փամուքքա­լէ Հա­մալ­սա­րանի դա­սական հնա­գիտու­թեան բաժ­նէն փրօֆ. Ֆահ­րի­յէ Պայ­րամ զար­մանք յայտնած է, երբ լսած է թէ մզկի­թին ապա­կի պա­տու­հաններ եւ եր­կա­թէ դուռ շի­նուած, աշ­տա­րակին բարձրա­խօս զե­տեղո­ւած եւ յա­տակին ալ փայ­տէ սա­լիկ եւ գոր­գեր տե­ղաւո­րուած են։

«Ան­կա­րելի է։ Իմ պաշ­տօ­նավա­րու­թեան շրջա­նին շատ դի­մադ­րած եմ այդ պատ­մա­կան կա­ռոյ­ցի պաշ­տա­մունքի վե­րաբա­ցուե­լուն դէմ։ Այդ կա­ռոյ­ցը մեծ թի­ւով այ­ցե­լու­ներ չի կրնար ըն­դունիլ։ Հիմ­քը պա­րապու­թիւններ ու­նի։ Առաս­տաղն ալ յար­մար չէ։ Գի­տէք՝ ներ­կայ իշ­խա­նու­թիւնը մզկիթ­ներ բա­նալու մեծ ցան­կութիւն ու­նի։ Իմ աշ­խա­տած ժա­մանակ ալ այս ցան­կութիւննե­րը կը յայտնո­ւէին եւ ես ան­պա­տեհու­թիւննե­րը բա­ցատ­րող տե­ղեկագ­րութիւններ գրած եմ։ Այդ ժա­մանակ յե­տաձ­գե­ցին։ Ես վտան­գա­ւոր կը գտնեմ նախ­քան հիմ­քի ամ­րա­ցու­մը նման նա­խաձե­նու­թեան դի­մելը» կ՚ըսէ փրօֆ. Ֆահ­րի­յէ Պայ­րամ։

Ան նաեւ կը զգու­շացնէ թէ կա­ռոյ­ցը ձո­րի եզ­րին գտնո­ւելով լուրջ վտանգնե­րու են­թա­կայ է։ Մտա­հոգու­թիւն կը յայտնէ նաեւ ելեկտրա­կան ցան­ցի հա­մար։ Ար­դէն պատ­մա­կան աւե­րակ­նե­րու նման տա­րած­քին մէջ մզկի­թի մը գո­յու­թիւնը ան­նա­խադէպ է։ Ան­շուշտ որ կա­րեւոր է անոր Հա­յաս­տա­նի տա­րած­քին առա­ջին մզկի­թը ըլ­լա­լու հան­գա­ման­քը ու­թանկիւն աշ­տա­րակը Կեդ­րո­նական Ասիոյ աւան­դութիւնն է։ Մեծ է Անիի պատ­մա­կան նշա­նակու­թիւնը։ Մե­տաք­սի ճամ­բուն կա­րեւոր խաչ­մերկու­նե­րէն մէկն է։ Իր շրջա­նի մեծ քա­ղաքն է Անին։ Բո­լոր այս յատ­կութիւննե­րու հետ­քե­րը կը պա­հէ։ Այդ առու­մով ալ շատ կը ցա­ւիմ այս որոշու­մին համար։

Թուրքիոյ պետական համալսարանի փրոֆեսըրը հրապարակած է «Մեծ Հայք»ի եւ «Փոքր Հայք»ի քարտէզը
Նախորդ նիւթը

Թուրքիոյ պետական համալսարանի փրոֆեսըրը հրապարակած է «Մեծ Հայք»ի եւ «Փոքր Հայք»ի քարտէզը

ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութիւնը ԼՂ հակամարտութեան կարգաւորման միակ ձեւաչափն է. Արցախի ԱԳՆ
Յաջորդ նիւթը

ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութիւնը ԼՂ հակամարտութեան կարգաւորման միակ ձեւաչափն է. Արցախի ԱԳՆ

ԱնցնիլՎեր