Հակառակորդը ներթափանցման փորձեր կ’իրականացնէ Ասկերանի վերին ենթաշրջաններուն մէջ

Հանրապետութեան մէջ այս պահուն իրավիճակը կայուն լարուած է: Հակառակորդի թիրախի տակ են կրկին Ասկերանի վերին ենթաշրջանները` Աւետարանոց, Մադաթաշէն, Սղնախ ու Մոշխմհատ գիւղերը:   «Արմէնբրես»-ի հետ զրոյցի ժամանակ այս մասին ըսած է Արցախի Արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութեան տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու բաժնի սպայ Յունան Թադեւոսեանը՝ ամփոփելով Արցախի բնակավայրերուն մէջ տիրող իրավիճակը։ «Իրավիճակը այս պահին Հանրապետութեան մէջ կայուն լարուած է: Լարուածութիւնը կը պահպանուի Ասկերանի վերին ենթաշրջաններուն մէջ` Աւետարանոց, Մադաթաշէն, Սղնախ ու Մոշխմհատ գիւղերուն մէջ, պայմանաւորուած է հակառակորդի հետախուզական ներթափանցման փորձերու հետ, ինչպէս նաեւ կ’աշխատին մեր եւ հակառակորդի հրետանային ստորաբաժանումները»,- նշած է Թադեւոսեանը: Ինչ կը վերաբերի Մարտակերտի եւ Մարտունիի հատուածներուն, Թադեւոսեանը յայտնած է, որ այնտեղ
27 Հոկտեմբերի 2020
3 ր. ընթերցում
Հակառակորդը ներթափանցման փորձեր կ'իրականացնէ Ասկերանի վերին ենթաշրջաններուն մէջ

Հանրապետութեան մէջ այս պահուն իրավիճակը կայուն լարուած է: Հակառակորդի թիրախի տակ են կրկին Ասկերանի վերին ենթաշրջանները` Աւետարանոց, Մադաթաշէն, Սղնախ ու Մոշխմհատ գիւղերը:   «Արմէնբրես»-ի հետ զրոյցի ժամանակ այս մասին ըսած է Արցախի Արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութեան տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու բաժնի սպայ Յունան Թադեւոսեանը՝ ամփոփելով Արցախի բնակավայրերուն մէջ տիրող իրավիճակը։

«Իրավիճակը այս պահին Հանրապետութեան մէջ կայուն լարուած է: Լարուածութիւնը կը պահպանուի Ասկերանի վերին ենթաշրջաններուն մէջ` Աւետարանոց, Մադաթաշէն, Սղնախ ու Մոշխմհատ գիւղերուն մէջ, պայմանաւորուած է հակառակորդի հետախուզական ներթափանցման փորձերու հետ, ինչպէս նաեւ կ’աշխատին մեր եւ հակառակորդի հրետանային ստորաբաժանումները»,- նշած է Թադեւոսեանը:

Ինչ կը վերաբերի Մարտակերտի եւ Մարտունիի հատուածներուն, Թադեւոսեանը յայտնած է, որ այնտեղ իրավիճակը համեմատաբար հանգիստ է:

«Մարտունիի մէջ ցերեկային ժամերուն օդային տագնապ յայտարարուած էր` երկինքին մէջ նկատուած էր անօդաչու թռչող սարք»,- ըսած է Թադեւոսեանը:

Արցախի ԱԻՊԾ-ի ներկայացուցիչի խօսքով` մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ օրուայ ընթացքին իրավիճակը նոյնպէս հանգիստ  եղած է:

Հայկական կողմի մօտ կայ 2 ատրպէյճանցի ռազմագերի, Ատրպէյճանի մէջ կը գտնուի 17 հայ զինծառայող. ՔԿ պաշտօնեայ
Նախորդ նիւթը

Հայկական կողմի մօտ կայ 2 ատրպէյճանցի ռազմագերի, Ատրպէյճանի մէջ կը գտնուի 17 հայ զինծառայող. ՔԿ պաշտօնեայ

Հայաստանի մէջ պիտի ստեղծուի աշխարհազօր. ԱԺ-ն առաջին ընթերցմամբ ընդունեց օրէնսդրական փաթեթը
Յաջորդ նիւթը

Հայաստանի մէջ պիտի ստեղծուի աշխարհազօր. ԱԺ-ն առաջին ընթերցմամբ ընդունեց օրէնսդրական փաթեթը

ԱնցնիլՎեր