Հակառակորդը ՏՕՍ, Սմերչ կը կիրառէ, որ կը փոխէ ռազմական գործողութիւններու տրամաբանութիւնն ու ծաւալը․ ՊՆ խօսնակ

Ատրպէյճանական կողմը 29 Սեպտեմբերի վաղ առաւօտեան վերսկսած է լայնածաւալ յարձակողական գործողութիւնները Արցախի պաշտպանութեան բանակի պաշտպանական գիծի գրեթէ ողջ երկայնքով: Այս մասին կը յայտնէ ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի քարտուղար Շուշան Ստեփանեանը՝ ընդգծելով, որ մասնաւորապէս, յարձակողական գործողութիւններու ընթացքին առանձին ուղղութիւններով կ՝օգտագործեն ՏՕՍ-1Ա ծանր հրանետային համակարգեր: «ՏՕՍ, Սմերչ եւ մեծ տրամաչափի այլ համակարգերու կիրառումը կը փոխէ ռազմական գործողութիւններու տրամաբանութիւնն ու ծաւալը՝ զայն բարձրացնելով նոր մակարդակի: Այս կապակցութեամբ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը զգուշացնէ, որ հայկական զինուած ուժերը ստիպուած են օգտագործել ՝ մեծ մակերեսներու վրայ կրակային խոցման եւ ատոր իբրեւ արդիւնք կենդանի ուժի, ինչպէս նաեւ շարժական եւ անշարժ գոյքի ոչնչացման մեծ ազդեցութիւն ունեցող սպառազինութեան եւ ռազմական
29 Սեպտեմբերի 2020
3 ր. ընթերցում
Հակառակորդը ՏՕՍ, Սմերչ կը կիրառէ, որ կը փոխէ ռազմական գործողութիւններու տրամաբանութիւնն ու ծաւալը․ ՊՆ խօսնակ

Ատրպէյճանական կողմը 29 Սեպտեմբերի վաղ առաւօտեան վերսկսած է լայնածաւալ յարձակողական գործողութիւնները Արցախի պաշտպանութեան բանակի պաշտպանական գիծի գրեթէ ողջ երկայնքով: Այս մասին կը յայտնէ ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի քարտուղար Շուշան Ստեփանեանը՝ ընդգծելով, որ մասնաւորապէս, յարձակողական գործողութիւններու ընթացքին առանձին ուղղութիւններով կ՝օգտագործեն ՏՕՍ-1Ա ծանր հրանետային համակարգեր:

«ՏՕՍ, Սմերչ եւ մեծ տրամաչափի այլ համակարգերու կիրառումը կը փոխէ ռազմական գործողութիւններու տրամաբանութիւնն ու ծաւալը՝ զայն բարձրացնելով նոր մակարդակի: Այս կապակցութեամբ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը զգուշացնէ, որ հայկական զինուած ուժերը ստիպուած են օգտագործել ՝ մեծ մակերեսներու վրայ կրակային խոցման եւ ատոր իբրեւ արդիւնք կենդանի ուժի, ինչպէս նաեւ շարժական եւ անշարժ գոյքի ոչնչացման մեծ ազդեցութիւն ունեցող սպառազինութեան եւ ռազմական սարքերու տեսակներ: Այս պահուն պաշտպանութեան բանակի ստորաբաժանումները վստահօրէն ետ կը մղեն թշնամիի յարձակման բոլոր փորձերը՝ պատճառելով ռազմամթերքի եւ մարդկային ուժի ծանր կորուստներ»,- կը նշէ ՀՀ ՊՆ խօսնակը:

Ատրպէյճանի զինուած ուժերը կրակած են ՀՀ ԶՈՒ Վարդենիսի զօրամասի, ինչպէս նաեւ օդուժ կիրառած են դիրքերու ուղղութեամբ. ՊՆ խօսնակ
Նախորդ նիւթը

Ատրպէյճանի զինուած ուժերը կրակած են ՀՀ ԶՈՒ Վարդենիսի զօրամասի, ինչպէս նաեւ օդուժ կիրառած են դիրքերու ուղղութեամբ. ՊՆ խօսնակ

Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ  49 901-ի
Յաջորդ նիւթը

Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 49 901-ի

ԱնցնիլՎեր