Հակարի կամուրջի վրայ ատրպէյճանական անցակէտի տեղադրումը նոր լայնածաւալ գործողութեան սկիզբ կրնայ ըլլալ. Ֆրանսայի Սենատի ղեկավար

Ապրիլ 22-էն 25-ը Հայաստան է Ֆրանսայի Սենատի ղեկավար Պրիւնօ Ռեթայոյի գլխաւորած պատուիրակութիւնը`մասնակցելու Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած միջոցառումներուն: Պատուիրակութեան անդամները մեկնած են Տեղ գիւղ, ուր 11 ապրիլին փոխհրաձգութիւն տեղի ունեցած է: Գրած է 1lurer.am-ը: «Մենք ժամանած ենք`Ատրպէյճանէն պահանջելու անյապաղ վերացնել Լաչինի միջանցքի շրջափակումը, ազատելու 120 000 հայերը, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ յայտնուած են սարսափելի պայմաններու մէջ, նաեւ այստեղ ենք` պահանջելու վերականգնել Հայաստանի հետ ԼՂ կապը: Ինչ իմաստ ունի 1915 թ. զոհերու յիշատակի ոգեկոչումը, եթէ մենք աչք պիտի փակենք Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տեղի ունեցող էթնիք ու կրօնական զտման վրայ»,- յայտարարած է Ռեթայոն` Տեղի մէջ կայացած մամուլի ասուլիսի ժամանակ: Ան նշած է`վտանգ
25 Ապրիլի 2023
3 ր. ընթերցում
Հակարի կամուրջի վրայ ատրպէյճանական անցակէտի տեղադրումը նոր լայնածաւալ գործողութեան սկիզբ կրնայ ըլլալ.  Ֆրանսայի Սենատի ղեկավար

Ապրիլ 22-էն 25-ը Հայաստան է Ֆրանսայի Սենատի ղեկավար Պրիւնօ Ռեթայոյի գլխաւորած պատուիրակութիւնը`մասնակցելու Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած միջոցառումներուն: Պատուիրակութեան անդամները մեկնած են Տեղ գիւղ, ուր 11 ապրիլին փոխհրաձգութիւն տեղի ունեցած է: Գրած է 1lurer.am-ը:

«Մենք ժամանած ենք`Ատրպէյճանէն պահանջելու անյապաղ վերացնել Լաչինի միջանցքի շրջափակումը, ազատելու 120 000 հայերը, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ յայտնուած են սարսափելի պայմաններու մէջ, նաեւ այստեղ ենք` պահանջելու վերականգնել Հայաստանի հետ ԼՂ կապը:

Ինչ իմաստ ունի 1915 թ. զոհերու յիշատակի ոգեկոչումը, եթէ մենք աչք պիտի փակենք Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տեղի ունեցող էթնիք ու կրօնական զտման վրայ»,- յայտարարած է Ռեթայոն` Տեղի մէջ կայացած մամուլի ասուլիսի ժամանակ:

Ան նշած է`վտանգ կայ, որ ատրպէյճանական զօրքերու կողմէ դէպի ԼՂ տանող նոր ճանապարհի մուտքի մօտ` ռուս խաղաղապահներու պատասխանատւութեան գօտիին մէջ գտնուող Հակարի կամուրջի վրայ, նոր վերահսկիչ անցակէտի տեղադրումը նոր լայնածաւալ գործողութեան սկիզբ ըլլայ, որ կը յանգեցնէ Լաչինի միջանցքի մշտական փակման:

Եղբայրական հայ ժողովուրդի հետ մեր համերաշխութիւնը անբաժան է. Կիպրոսի նախագահի ապրիլքսանչորստեան գրառումը
Նախորդ նիւթը

Եղբայրական հայ ժողովուրդի հետ մեր համերաշխութիւնը անբաժան է. Կիպրոսի նախագահի ապրիլքսանչորստեան գրառումը

Տոնոյեան կ'առաջարկէ քննիչ յանձնաժողովի բաց նիստ կայացնել՝ իր եւ Փաշինեանի մասնակցութեամբ
Յաջորդ նիւթը

Տոնոյեան կ’առաջարկէ քննիչ յանձնաժողովի բաց նիստ կայացնել՝ իր եւ Փաշինեանի մասնակցութեամբ

ԱնցնիլՎեր