Պէյրութ, 25 Ապրիլ 2022
Հաղորդագրութիւն Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան
Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը, Տոքթ.Աւետիս Տագէսեանի ատենապետութեամբ գումարեց արտակարգ լիանիստ ժողով մը եւ հրապարակեց հետեւեալ յայտարարութիւնը:
Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը որեւէ առնչութիւն չունի Մեթնի ընտրաշրջանի թեկնածու Արա Պարտաքճեանի հետ:
Կուսակցութիւնը կը մնայ իր որոշումին հաւատարիմ, սատարելու հայ աւանդական կուսակցութիւններու կողմէ առաջադրուած թեկնածուներուն Լիբանանի բոլոր ընտրաշրջաններուն մէջ:
Ռ.Ա.Կ.Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւն