Հայաստանի տնտեսական աշխուժութեան ցուցանիշը աճած է 9,6 տոկոսով

Այս տարուայ առաջին եռամսեակին տնտեսական աշխուժութեան ցուցանիշը աճած է 9,6 տոկոսով: Այս մասին կը տեղեկացնէ ՀՀ Վիճակագրական Կոմիտէն` հրապարակելով շտապ հաւաքագրուած տուեալները: Այս տարուայ Մարտին, նախորդ տարուայ Մարտին համեմատ, աճը կազմած է 6,7 տոկոս: Յունուար-Մարտին, նախորդ տարուայ նոյն ժամանակահատուածին համեմատ, արդիւնաբերական արտադրանքի ծաւալը աճած է 3,1 տոկոսով, շինարարութեան ծաւալը` 6,2 տոկոսով, առեւտուրի շրջանառութիւնը՝ 7,6 տոկոսով, ծառայութիւններու ծաւալը՝ 22․2 տոկոսով: Սպառողական գնաճը կազմած է 7,8 տոկոս: Գիւղատնտեսութեան ոլորտին մէջ արձանագրուած է 5,4 տոկոս անկում: Առաջին եռամսեակին, նախորդ տարուայ նոյն ժամանակահատուածին համեմատ, արտաքին առեւտրաշրջանառութիւնը աճած է 38,5 տոկոսով, այդ շարքին` արտահանումը՝ 26,9, իսկ ներմուծումը` 45,6 տոկոսով:
25 Ապրիլի 2022
2 ր. ընթերցում
Հայաստանի տնտեսական աշխուժութեան ցուցանիշը աճած է 9,6 տոկոսով

Այս տարուայ առաջին եռամսեակին տնտեսական աշխուժութեան ցուցանիշը աճած է 9,6 տոկոսով: Այս մասին կը տեղեկացնէ ՀՀ Վիճակագրական Կոմիտէն` հրապարակելով շտապ հաւաքագրուած տուեալները: Այս տարուայ Մարտին, նախորդ տարուայ Մարտին համեմատ, աճը կազմած է 6,7 տոկոս:

Յունուար-Մարտին, նախորդ տարուայ նոյն ժամանակահատուածին համեմատ, արդիւնաբերական արտադրանքի ծաւալը աճած է 3,1 տոկոսով, շինարարութեան ծաւալը` 6,2 տոկոսով, առեւտուրի շրջանառութիւնը՝ 7,6 տոկոսով, ծառայութիւններու ծաւալը՝ 22․2 տոկոսով: Սպառողական գնաճը կազմած է 7,8 տոկոս: Գիւղատնտեսութեան ոլորտին մէջ արձանագրուած է 5,4 տոկոս անկում:

Առաջին եռամսեակին, նախորդ տարուայ նոյն ժամանակահատուածին համեմատ, արտաքին առեւտրաշրջանառութիւնը աճած է 38,5 տոկոսով, այդ շարքին` արտահանումը՝ 26,9, իսկ ներմուծումը` 45,6 տոկոսով:

ՀՀ եւ Հնդկաստանի արտաքին գործոց նախարարները քննարկած են շարք մը ոլորտներու մէջ համագործակցութեան հեռանկարները
Նախորդ նիւթը

ՀՀ եւ Հնդկաստանի արտաքին գործոց նախարարները քննարկած են շարք մը ոլորտներու մէջ համագործակցութեան հեռանկարները

Հաղորդագրութիւն Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան
Յաջորդ նիւթը

Հաղորդագրութիւն Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան

ԱնցնիլՎեր