ՀՀ եւ Հնդկաստանի արտաքին գործոց նախարարները քննարկած են շարք մը ոլորտներու մէջ համագործակցութեան հեռանկարները

«Raisina Dialogue» համաժողովին մասնակցելու նպատակով Նիւ Տելհիի մէջ գտնուող Հայաստանի արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեան, Ապրիլ 25-ին, հանդիպում ունեցած է Հնդկաստանի արտաքին գործերու նախարար Սուպրամանեամ Ճայշանքարի հետ: Զրուցակիցները քննարկած են 2021-ի աշնան Հնդկաստանի արտաքին գործերու նախարարին` Հայաստան կատարած այցին շնորհիւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու իրականացման ընթացքը: Անդրադարձ կատարուած է տեղեկատուական արհեհստագիտութիւններու, օդային փոխադրութեան, կրթութեան, մշակոյթի, զբօսաշրջութեան եւ այլ ոլորտներու մէջ յարաբերութիւններու հետագայ զարգացման հեռանկարներուն: Կողմերը ընդգծած են անցեալ ամիսներուն կատարուած աշխատանքներուն արդիւնաւէտութիւնը  եւ երկուստեք պատրաստակամութիւն յայտնած են հետեւողականօրէն շարունակելու փոխգործակցութեան խորացումը: Արարատ Միրզոյեան շեշտած է, որ Հնդկաստան կ’այցելէ Հայաստանի գործարար եւ ներդրումային շրջանակներու ներկայացուցիչներուն ուղեկցութեամբ, որոնց հանդիպումները իրենց հնդիկ գործընկերներուն հետ
25 Ապրիլի 2022
6 ր. ընթերցում
ՀՀ եւ Հնդկաստանի արտաքին գործոց նախարարները քննարկած են շարք մը ոլորտներու մէջ համագործակցութեան հեռանկարները

«Raisina Dialogue» համաժողովին մասնակցելու նպատակով Նիւ Տելհիի մէջ գտնուող Հայաստանի արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեան, Ապրիլ 25-ին, հանդիպում ունեցած է Հնդկաստանի արտաքին գործերու նախարար Սուպրամանեամ Ճայշանքարի հետ:

Զրուցակիցները քննարկած են 2021-ի աշնան Հնդկաստանի արտաքին գործերու նախարարին` Հայաստան կատարած այցին շնորհիւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու իրականացման ընթացքը: Անդրադարձ կատարուած է տեղեկատուական արհեհստագիտութիւններու, օդային փոխադրութեան, կրթութեան, մշակոյթի, զբօսաշրջութեան եւ այլ ոլորտներու մէջ յարաբերութիւններու հետագայ զարգացման հեռանկարներուն: Կողմերը ընդգծած են անցեալ ամիսներուն կատարուած աշխատանքներուն արդիւնաւէտութիւնը  եւ երկուստեք պատրաստակամութիւն յայտնած են հետեւողականօրէն շարունակելու փոխգործակցութեան խորացումը:

Արարատ Միրզոյեան շեշտած է, որ Հնդկաստան կ’այցելէ Հայաստանի գործարար եւ ներդրումային շրջանակներու ներկայացուցիչներուն ուղեկցութեամբ, որոնց հանդիպումները իրենց հնդիկ գործընկերներուն հետ յաւելեալ խթան պիտի հանդիսանայ մեծ ներուժ ունեցող հայ-հնդկական առեւտրատնտեսական համագործակցութեան աշխուժացման համար:

Հայկական կողմը ներկայացուցած է հարաւկովկասեան տարածաշրջանին մէջ  ստեղծուած իրավիճակը եւ Հայաստանի դիրքորոշումը` տարածաշրջանային խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատման ուղղուած գործընթացներուն, Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան համապարփակ պայմանագրի շուրջ բանակցութիւններուն վերաբերեալ: Նախարար Միրզոյեան գոհունակութիւն յայտնած է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման վերաբերեալ Հնդկաստանի դիրքորոշման նկատմամբ: Ընդգծուած է ԵԱՀԿ Մինսքի Խմբակի համանախագահութեան միջնորդական դերը խաղաղ գործընթացի յառաջմղման գործին մէջ:

Նախարար Միրզոյեան զրուցակիցին ներկայացուցած է նաեւ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին զարգացումները:

Հանդիպման ընթացքին Հայաստանի արտաքին գործերու նախարարը վերահաստատած է Հայաստանի աջակցութիւնը Հնդկաստանին` Ճամմուի եւ Քաշմիրի հարցով:

Արցախի կարգավիճակի վերաբերեալ այս փուլին որեսէ փաստաթուղթ չի քննարկուիր. Արայիկ Յարութիւնեան
Նախորդ նիւթը

Արցախի կարգավիճակի վերաբերեալ այս փուլին որեսէ փաստաթուղթ չի քննարկուիր. Արայիկ Յարութիւնեան

Հայաստանի տնտեսական աշխուժութեան ցուցանիշը աճած է 9,6 տոկոսով
Յաջորդ նիւթը

Հայաստանի տնտեսական աշխուժութեան ցուցանիշը աճած է 9,6 տոկոսով

ԱնցնիլՎեր