Համահայկական հիմնադրամի դրամահաւաքը հատեց 100 միլիոն տոլարի շեմը

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը կը շարունակէ հայրենիքի համար համազգային ջանքերու համախմբումը։ 12 Հոկտեմբերի դրութեամբ, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի նախաձեռնած «Մենք ենք մեր սահմանները» դրամահաւաք-արշաւի շրջածիրէն ներս հաւաքագրուած է աւելի քան 100 մլն ԱՄՆ տոլար։ Համազգային բացառիկ համախմբումի շնորհիւ, ամէն վայրկեան Հիմնադրամի կայքով կը կատարուին հարիւրաւոր նուիրատւութիւններ։ Մեր թիկունքը ամուր է Հայաստանի եւ Սփիւռքի նուիրումի եւ համախմբուածութեան շնորհիւ։ Յիշեցում նուիրատւութիւն կատարելու եղանակներու մասին՝ – Հիմնադրամի առցանց դրամահաւաք-արշաւին կրնաք միանալ www.himnadram.org հասցէով, ինչպէս նաեւ միջազգային փոխանցումներ կատարելով կայքին մէջ նշուած հաշուեհամարներով – 1000 ՀՀ դրամի չափով՝ SMS հաղորդագրութիւն ուղարկելով 8000 կարճ համարին, որ կը գործէ Հայաստանի մէջ բոլոր ընկերութիւններու բաժանորդներուն համար – TelCell, EasyPay, iDram,
12 Հոկտեմբերի 2020
3 ր. ընթերցում
Համահայկական հիմնադրամի դրամահաւաքը հատեց 100 միլիոն տոլարի շեմը

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը կը շարունակէ հայրենիքի համար համազգային ջանքերու համախմբումը։ 12 Հոկտեմբերի դրութեամբ, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի նախաձեռնած «Մենք ենք մեր սահմանները» դրամահաւաք-արշաւի շրջածիրէն ներս հաւաքագրուած է աւելի քան 100 մլն ԱՄՆ տոլար։

Համազգային բացառիկ համախմբումի շնորհիւ, ամէն վայրկեան Հիմնադրամի կայքով կը կատարուին հարիւրաւոր նուիրատւութիւններ։ Մեր թիկունքը ամուր է Հայաստանի եւ Սփիւռքի նուիրումի եւ համախմբուածութեան շնորհիւ։

Յիշեցում նուիրատւութիւն կատարելու եղանակներու մասին՝

– Հիմնադրամի առցանց դրամահաւաք-արշաւին կրնաք միանալ www.himnadram.org հասցէով,
ինչպէս նաեւ միջազգային փոխանցումներ կատարելով կայքին մէջ նշուած հաշուեհամարներով
– 1000 ՀՀ դրամի չափով՝ SMS հաղորդագրութիւն ուղարկելով 8000 կարճ համարին, որ կը գործէ Հայաստանի մէջ բոլոր ընկերութիւններու բաժանորդներուն համար
– TelCell, EasyPay, iDram, Աքպա-Քրետիթ Աքրիկոլ Պանք օնլայն համակարգերու միջոցով
– Paypal համակարգով [email protected] վճարման հասցէին։
Շնորհակալ ենք նուիրատուներու մեր աշխարհասփիւռ բանակին վստահութեան եւ շարունակական աջակցութեան համար։

 

Դուն հայի այն տեսակն ես, որ մինչեւ վերջ արմատներուն հաւատարիմ մնաց, յաւերժացաւ… ԱՀ նախագահը՝ Արցախի մէջ զոհուած սպանահայ գործարարի մասին
Նախորդ նիւթը

Դուն հայի այն տեսակն ես, որ մինչեւ վերջ արմատներուն հաւատարիմ մնաց, յաւերժացաւ… ԱՀ նախագահը՝ Արցախի մէջ զոհուած սպանահայ գործարարի մասին

Պատերազմը սաստիկ է, հայկական բանակը կը վարէ ծանր մարտեր իրեն մի քանի անգամ գերազանցող թուրք-ատրպէյճանական ուժերու դէմ
Յաջորդ նիւթը

Պատերազմը սաստիկ է, հայկական բանակը կը վարէ ծանր մարտեր իրեն մի քանի անգամ գերազանցող թուրք-ատրպէյճանական ուժերու դէմ

ԱնցնիլՎեր