Պատերազմը սաստիկ է, հայկական բանակը կը վարէ ծանր մարտեր իրեն մի քանի անգամ գերազանցող թուրք-ատրպէյճանական ուժերու դէմ

ՀՀ ՊՆ ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեանն իր դիմատետրի էջին հետեւեալ գրառումը ըրած է. «Ես քանի մը անգամ անդրադարձած եմ այն հարցին, որ յստակ դիրքեր, բնագիծեր, նոյնիսկ բնակավայրեր նշելը պատերազմի այս փուլին այնքան տեղին չէ: Պատերազմը սաստիկ է, հայկական բանակը կը վարէ ծանր մարտեր իրեն մի քանի անգամ գերազանցող թուրք-ատրպէյճանական ուժերու դէմ, որուն լիովին կ’աջակցի թրքական օդուժը, հետախուզական եւ այլ համակարգերը, մեծ թիւով վարձկաններ, ահաբեկիչներ եւ մասնաւոր զինուորական կազմակերպութիւններ: Այդ գերազանցող ուժերուն հայկական բանակը կը դիմակայէ մեծ յաջողութեամբ, այնպիսի յաջողութեամբ, որ համաշխարհային փորձագէտները նոյնիսկ կը նշեն ատոր մասին: Ըստ մարտավարական անհրաժեշտութեան պաշտպանութեան բանակը կը կատարէ ինչպէս նահանջ ու բնագիծերու փոփոխութիւն, այնպէս ալ
12 Հոկտեմբերի 2020
2 ր. ընթերցում
Պատերազմը սաստիկ է, հայկական բանակը կը վարէ ծանր մարտեր իրեն մի քանի անգամ գերազանցող թուրք-ատրպէյճանական ուժերու դէմ

ՀՀ ՊՆ ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեանն իր դիմատետրի էջին հետեւեալ գրառումը ըրած է.

«Ես քանի մը անգամ անդրադարձած եմ այն հարցին, որ յստակ դիրքեր, բնագիծեր, նոյնիսկ բնակավայրեր նշելը պատերազմի այս փուլին այնքան տեղին չէ: Պատերազմը սաստիկ է, հայկական բանակը կը վարէ ծանր մարտեր իրեն մի քանի անգամ գերազանցող թուրք-ատրպէյճանական ուժերու դէմ, որուն լիովին կ’աջակցի թրքական օդուժը, հետախուզական եւ այլ համակարգերը, մեծ թիւով վարձկաններ, ահաբեկիչներ եւ մասնաւոր զինուորական կազմակերպութիւններ: Այդ գերազանցող ուժերուն հայկական բանակը կը դիմակայէ մեծ յաջողութեամբ, այնպիսի յաջողութեամբ, որ համաշխարհային փորձագէտները նոյնիսկ կը նշեն ատոր մասին:

Ըստ մարտավարական անհրաժեշտութեան պաշտպանութեան բանակը կը կատարէ ինչպէս նահանջ ու բնագիծերու փոփոխութիւն, այնպէս ալ յարձակում ու հակայարձակում:

Վստահինք մեր բանակին, մենք անկասկած #Յաղթելուենք»։

Համահայկական հիմնադրամի դրամահաւաքը հատեց 100 միլիոն տոլարի շեմը
Նախորդ նիւթը

Համահայկական հիմնադրամի դրամահաւաքը հատեց 100 միլիոն տոլարի շեմը

Ղարաբաղի մէջ ոչնչացուած է 100 սուրիացի վարձկան. Սուրիոյ Մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան դիտորդական կեդրոն
Յաջորդ նիւթը

Ղարաբաղի մէջ ոչնչացուած է 100 սուրիացի վարձկան. Սուրիոյ Մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան դիտորդական կեդրոն

ԱնցնիլՎեր