Հայազգի գիտնականը՝ Arms Control Person of the Year մրցանակակիր

Մեսեչուսեցի Արհեստագիտական հիմնարկի (MIT) գիտնական փրոֆէսորներէն  Արեգ Դանակիւլեան եւ անոր գիտական աշխատախումբը արժանացած է «Տարուան Մարդ»ը («Arms Control Person of the Year») մրցանակին: Arms Control Association-ը տարուայ մարդ կը հռչակէ այն անձերուն կամ հիմնարկութիւններուն, որոնք շօշափելի գործ կը տեսնեն զէնքերը հակակշռելու, զէնքերու տարածումին արգելք ըլլալու կամ զէնքի սպառնալիքներու մասին իրազեկուածութեան բարձրացման արդիւնաւէտ տարբերակներ առաջարկելու գործերուն մէջ։ Արեգ Դանակիւլեանը եւ անոր գիտական խումբը այս մրցանակին արժանի նկատուեցան  նիւթրոնի ճառագայթներու միջոցով միջուկային զինաթափման ստուգման նորարարական գործընթաց մշակելու համար: Քուէարկութիւնը իրականացած էր 12 Դեկտեմբերէն 9 Յունուարի միջեւ եւ Արեգ Դանակիւլեան ու իր աշխատախումբը առաւելագոյն ձայներ ստացած են, իրենց ետին ձգելով միւս թեկնածուները, ինչպէս՝ Ֆրանսայի նախագահ Մաքրոնը եւ Շուէտի
12 Հունվարի 2020
3 ր. ընթերցում
Հայազգի գիտնականը՝ Arms Control Person of the Year մրցանակակիր

Մեսեչուսեցի Արհեստագիտական հիմնարկի (MIT) գիտնական փրոֆէսորներէն  Արեգ Դանակիւլեան եւ անոր գիտական աշխատախումբը արժանացած է «Տարուան Մարդ»ը («Arms Control Person of the Year») մրցանակին:

Arms Control Association-ը տարուայ մարդ կը հռչակէ այն անձերուն կամ հիմնարկութիւններուն, որոնք շօշափելի գործ կը տեսնեն զէնքերը հակակշռելու, զէնքերու տարածումին արգելք ըլլալու կամ զէնքի սպառնալիքներու մասին իրազեկուածութեան բարձրացման արդիւնաւէտ տարբերակներ առաջարկելու գործերուն մէջ։

Արեգ Դանակիւլեանը եւ անոր գիտական խումբը այս մրցանակին արժանի նկատուեցան  նիւթրոնի ճառագայթներու միջոցով միջուկային զինաթափման ստուգման նորարարական գործընթաց մշակելու համար:

Քուէարկութիւնը իրականացած էր 12 Դեկտեմբերէն 9 Յունուարի միջեւ եւ Արեգ Դանակիւլեան ու իր աշխատախումբը առաւելագոյն ձայներ ստացած են, իրենց ետին ձգելով միւս թեկնածուները, ինչպէս՝ Ֆրանսայի նախագահ Մաքրոնը եւ Շուէտի արտաքին գործոց նախարարութիւնը։ 

Մետիամաքսին Արեգ Դանակիւլեանն աւելի վաղ ըսած էր, որ «մրցանակը ստանալն իրենց համար կարեւոր է այնքանով, որ այն ցոյց կու տայ, որ աշխարհը կը տեսնէ գիտութեան կարեւորութիւնը մեր երեխաներու անվտանգ եւ խաղաղ ապագան կերտելու համար, ինչպէս նաեւ հայ գիտնականներու ներդրումը այդ կարեւորագոյն գործին մէջ»: 

Առաջին եւ երկրորդ երեխայի ծննդեան միանուագ նպաստը պիտի դառնայ 300 000 դրամ
Նախորդ նիւթը

Առաջին եւ երկրորդ երեխայի ծննդեան միանուագ նպաստը պիտի դառնայ 300 000 դրամ

World Bank-էն դրական ցուցանիշներ Հայաստանի տնտեսական աճին վերաբերեալ
Յաջորդ նիւթը

World Bank-էն դրական ցուցանիշներ Հայաստանի տնտեսական աճին վերաբերեալ

ԱնցնիլՎեր