Հայազգի Լորիս Ճգնաւորեանը պիտի նշանակուի ՄԱԿ-ի խաղաղութեան դեսպան

Յայտնի երաժիշտ-երգահան եւ նկարիչ, Իրանի հայ համայնքի անդամ Լորիս Ճգնաւորեանին առաջարկած են դառնալ ՄԱԿ-ի խաղաղութեան դեսպան Իրանի կողմէ: Այս մասին կը հաղորդէ «ԻՌՆԱ»-ն: Չորեքշաբթի ՄԱԿ-ի ներկայացուցչութեան աջակցութեամբ Թեհրանի մէջ կայացած է «Աշխարհի մշակոյթը» խորագրով միջոցառում՝ նուիրուած խաղաղութեան միջազգային օրուան: Այդ միջոցառման Իրանի մէջ Միաւորուած ազգերու կազմակերպութեան տեղեկատուական կեդրոնի տնօրէն Մարիա Տոցենքոն ողջունած է Լորիս Ճգնաւորեանը եւ մշակոյթի շարք մը գործիչները: Այնուհետեւ ան ընթերցած է ՄԱԿ-ի գործադիր տնօրէնի ուղերձը խաղաղութեան օրուան առթիւ: Այդ միջոցառման ժամանակ գեղարուեստական եւ մարդասիրական գործունէութեան 70-ամեայ փորձ ունեցող Լորիս Ճգնաւորեանին առաջարկուած է դառնալ ՄԱԿ-ի բարի կամքի եւ խաղաղութեան դեսպան Իրանի կողմէ:
30 Սեպտեմբերի 2019
2 ր. ընթերցում
Հայազգի Լորիս Ճգնաւորեանը պիտի նշանակուի ՄԱԿ-ի խաղաղութեան դեսպան

Յայտնի երաժիշտ-երգահան եւ նկարիչ, Իրանի հայ համայնքի անդամ Լորիս Ճգնաւորեանին առաջարկած են դառնալ ՄԱԿ-ի խաղաղութեան դեսպան Իրանի կողմէ: Այս մասին կը հաղորդէ «ԻՌՆԱ»-ն:

Չորեքշաբթի ՄԱԿ-ի ներկայացուցչութեան աջակցութեամբ Թեհրանի մէջ կայացած է «Աշխարհի մշակոյթը» խորագրով միջոցառում՝ նուիրուած խաղաղութեան միջազգային օրուան:

Այդ միջոցառման Իրանի մէջ Միաւորուած ազգերու կազմակերպութեան տեղեկատուական կեդրոնի տնօրէն Մարիա Տոցենքոն ողջունած է Լորիս Ճգնաւորեանը եւ մշակոյթի շարք մը գործիչները:

Այնուհետեւ ան ընթերցած է ՄԱԿ-ի գործադիր տնօրէնի ուղերձը խաղաղութեան օրուան առթիւ:

Այդ միջոցառման ժամանակ գեղարուեստական եւ մարդասիրական գործունէութեան 70-ամեայ փորձ ունեցող Լորիս Ճգնաւորեանին առաջարկուած է դառնալ ՄԱԿ-ի բարի կամքի եւ խաղաղութեան դեսպան Իրանի կողմէ:

ՏԻՄ ընտրութիւններուն մասնակցութիւնը կազմած է 48,72 տոկոս
Նախորդ նիւթը

ՏԻՄ ընտրութիւններուն մասնակցութիւնը կազմած է 48,72 տոկոս

Սուրիոյ մէջ հայ ականազերծողները 112 հազար քառ. մեթր տարածք մաքրած են
Յաջորդ նիւթը

Սուրիոյ մէջ հայ ականազերծողները 112 հազար քառ. մեթր տարածք մաքրած են

ԱնցնիլՎեր