Նինոծմինդայի շրջանի Թորիա գիւղի բնակիչներու եւ Թուշեթէն եկուոր ատրպէյճանցիներու միջեւ բախում տեղի ունեցած է: Այս մասին կը յայտնէ Jnews լրատուականը:
Եկուորներն իրենց ոչխարները արածած են գիւղացիներուն պատկանող արօտավայրերուն մէջ, իսկ գիւղացիները դուրս քշած են անասունները, որմէ ետք սկսած է ծեծկռտուք: Վրաստանի Ներքին գործոց նախարարութենէն հետաքննութիւն սկսած է քրէական օրէնսգիրքի երկու յօդուածով, կան վիրաւորներ եւ ձերբակալուածներ:
Թորիա գիւղի բնակիչներէն մէկուն խօսքով՝ իրենք 16 տարեկան երեխան ուղարկած են, որպէսզի վերջինս եկուորներուն փոխանցէ, որ ոչխարի հօտը դուրս հանեն իրենց արօտավայրերէն, սակայն եկուորները ծեծած են երեխան, որմէ ետք սկսած է ծեծկռտուք: