Հայաստանը այս գարնան ռուս զբօսաշրջիկներու նախընտրելի ուղղութիւններու տասնեակին մէջն է

Հայաստանը ընդգրկուած է այն երկիրներու տասնեակին մէջ, որոնք ռուս զբօսաշրջիկները կը նախընտրէին այցելել 2021-ի գարնան, կը հաղորդէ OneTwoTrip-ը: Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Արմէնփրէս»-ը՝ վկայակոչելով «ՌԻԱ Նովոստի»-ն, ընկերութեան մասնագէտները վերլուծած են օգտատէրերու՝ 1 մարտէն մինչեւ 31 մայիսը օդանաւի տոմսերու որոնողական հարցումները: Պարզուած է, որ առաւել մեծ ժողովրդականութիւն կը վայելէ Մոսկուան (15 տոկոս): Երկրորդ տեղը Սոչին է, ուր կը փափաքէր մեկնիլ իւրաքանչիւր տասներորդ հարցուողը։  Երրորդ հորիզոնականը կը զբաղցնէ Ս. Փեթերսպուրկը։ Բացի այդ, ցուցակին մէջ տեղ գտած են Սիմֆերոպոլը, Քրասնոտարը, Քալինինկրատը, Միներալնիէ Վոտին, Եկատերինպուրկը եւ Նովոսիպիրսկը: Ռուսաստանցիները արտասահմանեան երկիրներէն առաջնութիւնը տուած են Թուրքիոյ (18 տոկոս)։  Ամենապահանջուած ուղղութիւններու եռեակին մէջ են ԱՄԷ-ն եւ Եգիպտոսը։  Յաճախ յաճախորդները կը
8 Փետրվարի 2021
3 ր. ընթերցում
Հայաստանը այս գարնան ռուս զբօսաշրջիկներու նախընտրելի ուղղութիւններու տասնեակին մէջն է

Հայաստանը ընդգրկուած է այն երկիրներու տասնեակին մէջ, որոնք ռուս զբօսաշրջիկները կը նախընտրէին այցելել 2021-ի գարնան, կը հաղորդէ OneTwoTrip-ը:

Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Արմէնփրէս»-ը՝ վկայակոչելով «ՌԻԱ Նովոստի»-ն, ընկերութեան մասնագէտները վերլուծած են օգտատէրերու՝ 1 մարտէն մինչեւ 31 մայիսը օդանաւի տոմսերու որոնողական հարցումները:

Պարզուած է, որ առաւել մեծ ժողովրդականութիւն կը վայելէ Մոսկուան (15 տոկոս):

Երկրորդ տեղը Սոչին է, ուր կը փափաքէր մեկնիլ իւրաքանչիւր տասներորդ հարցուողը։  Երրորդ հորիզոնականը կը զբաղցնէ Ս. Փեթերսպուրկը։

Բացի այդ, ցուցակին մէջ տեղ գտած են Սիմֆերոպոլը, Քրասնոտարը, Քալինինկրատը, Միներալնիէ Վոտին, Եկատերինպուրկը եւ Նովոսիպիրսկը:

Ռուսաստանցիները արտասահմանեան երկիրներէն առաջնութիւնը տուած են Թուրքիոյ (18 տոկոս)։  Ամենապահանջուած ուղղութիւններու եռեակին մէջ են ԱՄԷ-ն եւ Եգիպտոսը։  Յաճախ յաճախորդները կը ստուգեն նաեւ Մալտիւներ, Ուզպեքստան, ԱՄՆ, Ղազախստան, Կիպրոս, Հայաստան եւ Սերպիա տոմս գնելու հնարաւորութիւնները:

Անյայտ կորսուածներու հարցով Արցախի մէջ ռուս խաղաղապահներուն դիմած է շուրջ 2400 մարդ
Նախորդ նիւթը

Անյայտ կորսուածներու հարցով Արցախի մէջ ռուս խաղաղապահներուն դիմած է շուրջ 2400 մարդ

Ատրպէյճանցի զինծառայողներու առկայութիւնը ՀՀ Սիւնիքի մարզի համայնքներն իրար կապող ճանապարհներուն հակաիրաւական է․ ՄԻՊ
Յաջորդ նիւթը

Ատրպէյճանցի զինծառայողներու առկայութիւնը ՀՀ Սիւնիքի մարզի համայնքներն իրար կապող ճանապարհներուն հակաիրաւական է․ ՄԻՊ

ԱնցնիլՎեր