Հայաստանը բանակցութիւններ կը վարէ հեռահար սպառազինութիւն գնելու համար

ՀՀ Զինուած ուժերու Գլխաւոր շտապի պետ  Արտակ Դաւթեանը հրաւիրած ասուլիսի ժամանակ անդրադարձած է Ս-400-ներու գնման հնարաւորութեան հարցին՝ նշելով, որ առայժմ այդ հարցը չի դիտարկուիր, Հայաստանը նման որոշում չունի: «Ունենք Ս-300 համակարգեր, որոնք իրականացնում են մարտական հերթապահութիւն»,- ըսած է ան: Միաժամանակ, Արտակ Դաւթեանը յայատարարած է, որ Հայաստանը բանակցութիւններ կը վարէ հեռահար սպառազինութիւն գնելու համար: Բայց համաձայնագրեր առայժմ չեն կնքուած։ «Նախատեսում ենք, որ 2022-2023 թուականներին սպառազինութիւնը կը լինի Հայաստանում»,-ըսած է ան: Անդրադառնալով պատերազմի սպառնալիքին՝ ան ըսած է. «Պատերազմի սպառնալիքը ոչ կրճատուել է, ոչ էլ աւելացել։ Այդ սպառնալիքը կայ, քանի դեռ չկայ Արցախեան հարցի քաղաքական լուծումը»,- նշած է ան: Ըստ Արտակ Դաւթեանի՝ այսօր Հայաստանի համար մարտահրաւէր
27 Դեկտեմբերի 2019
3 ր. ընթերցում
Հայաստանը բանակցութիւններ կը վարէ հեռահար սպառազինութիւն գնելու համար

ՀՀ Զինուած ուժերու Գլխաւոր շտապի պետ  Արտակ Դաւթեանը հրաւիրած ասուլիսի ժամանակ անդրադարձած է Ս-400-ներու գնման հնարաւորութեան հարցին՝ նշելով, որ առայժմ այդ հարցը չի դիտարկուիր, Հայաստանը նման որոշում չունի: «Ունենք Ս-300 համակարգեր, որոնք իրականացնում են մարտական հերթապահութիւն»,- ըսած է ան:

Միաժամանակ, Արտակ Դաւթեանը յայատարարած է, որ Հայաստանը բանակցութիւններ կը վարէ հեռահար սպառազինութիւն գնելու համար: Բայց համաձայնագրեր առայժմ չեն կնքուած։ «Նախատեսում ենք, որ 2022-2023 թուականներին սպառազինութիւնը կը լինի Հայաստանում»,-ըսած է ան:

Անդրադառնալով պատերազմի սպառնալիքին՝ ան ըսած է. «Պատերազմի սպառնալիքը ոչ կրճատուել է, ոչ էլ աւելացել։ Այդ սպառնալիքը կայ, քանի դեռ չկայ Արցախեան հարցի քաղաքական լուծումը»,- նշած է ան: Ըստ Արտակ Դաւթեանի՝ այսօր Հայաստանի համար մարտահրաւէր է նաեւ Թուրքիան:

Խօսելով սպառազինութեան մատակարարման մասին՝ Գլխաւոր շտապի պետը շեշտած է, որ կործանիչներու մատակարարումներու մասին պայմանագիրը կնքուած է իշխանափոխութենէն ետք: Անդրադառնալով ԹՈՐ հակաօդային պաշտպանութեան զեինթահրթիռային համալիրի ձեռքբերման՝ Դաւթեանը շեշտած է, որ այն ե՛ւ նախկին, ե՛ւ նոր իշխանութիւններու աշխատանքի արդիւնք է: Ան ըսած է, որ որոշումը կար, սակայն սառեցուած էր:

 

ԶԼՄ-ներու դէմ եղած յարաձակումներուն հետ իշխանութիւնները կապ չունին
Նախորդ նիւթը

ԶԼՄ-ներու դէմ եղած յարաձակումներուն հետ իշխանութիւնները կապ չունին

Յաջորդ տարի մենք պիտի շարունակենք համատեղ աշխատանքը. Փութինը շնորհաւորած է Նիկոլ Փաշինեանը
Յաջորդ նիւթը

Յաջորդ տարի մենք պիտի շարունակենք համատեղ աշխատանքը. Փութինը շնորհաւորած է Նիկոլ Փաշինեանը

ԱնցնիլՎեր