Հայաստանը ընտրուեցաւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Գործադիր Խորհուրդի անդամ

Նոյեմբեր 17-ին Փարիզի մէջ ընթացող ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Գլխաւոր համաժողովի 41-րդ նստաշրջանի ընթացքին կայացած ընտրութիւններու արդիւնքով Հայաստանը առաջին անգամ ընտրուեցաւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Գործադիր խորհուրդի (ԳԽ) անդամ՝ 2021-2025 թուականներու ժամանակահատուածին համար։ Արեւելաեւրոպական երկիրներու տարածաշրջանային խումբին Գործադիր խորհուրդի ընտրութիւններուն յատկացուած երեք թափուր տեղերուն համար ներկայացուած էին չորս երկիրներու՝ Հայաստան, Լիթուանիա, Ուքրանիա եւ Ատրպէյճան, թեկնածութիւնները: Փակ գաղտնի քուէարկութեան արդիւնքով Հայաստանը, ստանալով առաւելագոյն 146 ձայն, առաջին տեղով ընտրուեցաւ Գործադիր խորհուրդի կազմին մէջ։ Այսպիսով, Հայաստանը ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Գործադիր խորհուրդի անդամ ընտրուած է առաջին անգամ` 1992-ին ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ին իր անդամակցութենէն ի վեր։ ԳԽ-ին իր անդամակցութեան շրջանակներուն մէջ Հայաստանը ջանքեր պիտի գործադրէ իր յանձնառութիւններն ու առաջնահերթութիւնները իրականացնելու ուղղութեամբ, մասնաւորապէս՝ աջակցելու ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ծրագրերու
18 Նոյեմբերի 2021
3 ր. ընթերցում
Հայաստանը ընտրուեցաւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Գործադիր Խորհուրդի անդամ

Նոյեմբեր 17-ին Փարիզի մէջ ընթացող ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Գլխաւոր համաժողովի 41-րդ նստաշրջանի ընթացքին կայացած ընտրութիւններու արդիւնքով Հայաստանը առաջին անգամ ընտրուեցաւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Գործադիր խորհուրդի (ԳԽ) անդամ՝ 2021-2025 թուականներու ժամանակահատուածին համար։

Արեւելաեւրոպական երկիրներու տարածաշրջանային խումբին Գործադիր խորհուրդի ընտրութիւններուն յատկացուած երեք թափուր տեղերուն համար ներկայացուած էին չորս երկիրներու՝ Հայաստան, Լիթուանիա, Ուքրանիա եւ Ատրպէյճան, թեկնածութիւնները:

Փակ գաղտնի քուէարկութեան արդիւնքով Հայաստանը, ստանալով առաւելագոյն 146 ձայն, առաջին տեղով ընտրուեցաւ Գործադիր խորհուրդի կազմին մէջ։

Այսպիսով, Հայաստանը ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Գործադիր խորհուրդի անդամ ընտրուած է առաջին անգամ` 1992-ին ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ին իր անդամակցութենէն ի վեր։ ԳԽ-ին իր անդամակցութեան շրջանակներուն մէջ Հայաստանը ջանքեր պիտի գործադրէ իր յանձնառութիւններն ու առաջնահերթութիւնները իրականացնելու ուղղութեամբ, մասնաւորապէս՝ աջակցելու ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ծրագրերու իրագործման, բոլորին համար որակեալ կրթութեան հասանելիութեան ապահովման ու մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան ու պահպանման։

Ժամանակն է ընդունելու Ատրպէյճանին ռազմական օգնութիւնը դադրեցնելու իմ առաջարկը. Մենենտես
Նախորդ նիւթը

Ժամանակն է ընդունելու Ատրպէյճանին ռազմական օգնութիւնը դադրեցնելու իմ առաջարկը. Մենենտես

ՀՀ արեւելեան սահմանագօտիին վրայ 14:00-ի դրութեամբ էական միջադէպեր չեն գրանցուած
Յաջորդ նիւթը

ՀՀ արեւելեան սահմանագօտիին վրայ 14:00-ի դրութեամբ էական միջադէպեր չեն գրանցուած

ԱնցնիլՎեր