Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Պերլինի մէջ այցելած է Գերմանիոյ արտաքին յարաբերութիւններու խորհուրդ, ուր հանդիպում ունեցած քաղաքական, հասարակական եւ փորձագիտական շրջանակներու ներկայացուցիչներու հետ, մասնակցած է «Անվտանգութիւնը եւ կայունութիւնը Հարաւային Կովկասի մէջ. Հայաստանի հեռանկարը» թեմայով քննարկման:
«Հայաստանը համաձայնել է տարանջատել ԼՂ հիմնախնդրի կարգաւորումը հայ-ադրբեջանական գործընթացից՝ այն տրամաբանութեամբ, որ Ստեփանակերտի եւ Բաքուի միջեւ կը ձեւաւորուի քննարկումների միջազգային մեխանիզմ։ Հայաստանի համար կարեւոր նշանակութիւն ունի Լեռնային Ղարաբաղի հայերի անվտանգութեան եւ իրաւունքների խնդիրների լուծմանն ուղղուած երաշխիքային մեխանիզմի ստեղծումը, որը կ’ունենայ միջազգային տեսանելիութիւն եւ ներգրաւուածութիւն»,- ըսած է ան։
ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան վստահեցուցած է` ունի լիարժէք վճռականութիւն Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան պայմանագիր ստորագրելու հարցին մէջ, բայց այդ պէտք չէ Հայաստանի համար անձնատւութեան նմանող փաստաթուղթ ըլլայ։
Այս մասին, ըստ Փաշինեանի, վերջերս ան յայտարարած է նաեւ ՀՀ խորհրդարանի եւ կառավարութեան մէջ։
«Դա պէտք է մեր տարածաշրջանի համար իրական եւ յարատեւ խաղաղութեան փաստաթուղթ լինի, եւ ես պատրաստ եմ կրել այդ պատասխանատւութիւնը` յանուն խաղաղութեան, կայունութեան, տարածաշրջանային եւ միջազգային համագործակցութեան։ Սա է այսօրուայ մեր քննարկման իմ վերջնական եզրափակումը»,- յայտարարած է վարչապետ Փաշինեան։
Անդրադառնալով նաեւ Հայաստանի տարածքին Եւրոպական Միութեան քաղաքացիական առաքելութեան դիտորդներու տեղակայման` վարչապետն ընդգծած է, որ անոնք այժմ տեղեկութեան սեփական աղբիւր ունին եւ կրնան յստակ հասկնալ, թէ հրադադարի խախտման նախաձեռնողը որ կողմն է։
«Ակնկալում եմ, որպէսզի այն յստակ ցոյց տայ, որ որեւէ պրովոկացիա`(սադրանք) կը ստանայ միջազգային հանրութեան շատ կոպիտ արձագանգ, եւ շատ կարեւոր է, որպէսզի պահպանուի կայունութիւնը։ Շեշտում եմ` կապ չունի Հայաստանի, թէ Ադրբեջանի կողմից, քանի որ հիմա մենք տարածաշրջանում ունենք դիտորդներ, եւ այժմ կարիք չի լինի, որպէսզի ԵՄ-ն հարցնի, թէ որ կողմն էր նախաձեռնողը»,– ըսած է Փաշինեան։
Փաշինեան անգամ մը եւս նշած է, որ Հայաստան միջազգային հանրութեան, տարածաշրջանի ազգերու աջակցութեան կարիքն ունի, եւ պատրաստ է կրել այդ պատասխանատւութիւնը, մինչեւ որ հասնին վերջնական եւ կայուն խաղաղութեան։