Հայաստանը Պիտի Մասնակցի «Տուպայ ԷՔՍՓՕ-2020» Համաշխարհային Ցուցահանդէսին

ՀՀ տնտեսութեան նախարար, «Տուպայ ԷՔՍՓՕ-2020» համաշխարհային ցուցահանդէսին Հայաստանի Հանրապետութեան մասնակցութեան գլխաւոր յանձնակատար Տիգրան Խաչատրեանը եւ ցուցահանդէսի գործադիր տնօրէն Նաճիպ Ալ-Ալին  ՀՀ տնտեսութեան նախարարութենէն ներս ստորագրած են ցուցահանդէսին Հայաստանի մասնակցութեան վերաբերեալ պայմանագիրը։ Նախարարութեան հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան փոխանցմամբ՝ այնուհետեւ Տիգրան Խաչատրեանը եւ Նաճիպ Ալ-Ալին քննարկած են ցուցահանդէսին Հայաստանի մասնակցութեան առնչուող շարք մը կազմակերպչական հարցեր։ Կողմերը զրուցած են նաեւ ցուցահանդէսին Հայաստանի ազգային օրուայ կազմակերպման հարցի շուրջ։ Հանդիպման ներկայ եղած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Մուհամմատ ԱլԶաապին։ «Տուպայ ԷՔՍՓՕ-2020» համաշխարհային ցուցահանդէսը տեղի պիտի ունենայ «Միտքերու միաւորում, ապագայի ստեղծում» խորագրով։ Այն պիտի մեկնարկի 2020 թուականի Հոկտեմբեր 20-ին եւ
30 Հուլիսի 2019
3 ր. ընթերցում
Հայաստանը Պիտի Մասնակցի «Տուպայ ԷՔՍՓՕ-2020» Համաշխարհային Ցուցահանդէսին

ՀՀ տնտեսութեան նախարար, «Տուպայ ԷՔՍՓՕ-2020» համաշխարհային ցուցահանդէսին Հայաստանի Հանրապետութեան մասնակցութեան գլխաւոր յանձնակատար Տիգրան Խաչատրեանը եւ ցուցահանդէսի գործադիր տնօրէն Նաճիպ Ալ-Ալին  ՀՀ տնտեսութեան նախարարութենէն ներս ստորագրած են ցուցահանդէսին Հայաստանի մասնակցութեան վերաբերեալ պայմանագիրը։

Նախարարութեան հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան փոխանցմամբ՝ այնուհետեւ Տիգրան Խաչատրեանը եւ Նաճիպ Ալ-Ալին քննարկած են ցուցահանդէսին Հայաստանի մասնակցութեան առնչուող շարք մը կազմակերպչական հարցեր։

Կողմերը զրուցած են նաեւ ցուցահանդէսին Հայաստանի ազգային օրուայ կազմակերպման հարցի շուրջ։

Հանդիպման ներկայ եղած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Մուհամմատ ԱլԶաապին։

«Տուպայ ԷՔՍՓՕ-2020» համաշխարհային ցուցահանդէսը տեղի պիտի ունենայ «Միտքերու միաւորում, ապագայի ստեղծում» խորագրով։ Այն պիտի մեկնարկի 2020 թուականի Հոկտեմբեր 20-ին եւ պիտի տեւէ շուրջ 6 ամիս։

Ցուցահանդէսին պիտի մասնակցի 192 երկիր։ Մասնակից երկիրները պիտի ներկայացնեն իրենց մշակութային ժառանգութիւնը, տնտեսութիւնը, մասնաւորապէս՝ ներդրումային եւ զբօսաշրջային ներուժը։

Թուրքիոյ Մէջ Գտնուող Հայկական Եկեղեցին Թանգարանի Պիտի Վերածուի
Նախորդ նիւթը

Թուրքիոյ Մէջ Գտնուող Հայկական Եկեղեցին Թանգարանի Պիտի Վերածուի

Հայաստանի Քաղաքացիութեան Դիմողներու Թիւը Կրկնապատկուած է
Յաջորդ նիւթը

Հայաստանի Քաղաքացիութեան Դիմողներու Թիւը Կրկնապատկուած է

ԱնցնիլՎեր