Հայաստանը սպառազինութեան մատակարարման պայմանագիր կնքած է Մոսկուայի մէջ

Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցող «Արմիա-2021» ռազմարդիւնաբերական ցուցահանդէսի ծիրէն ներս Հայաստանը սպառազինութեան մատակարարման պայմանագիր կնքած է ռուսաստանեան ընկերութիւններու հետ, յայտնած է Ռուսաստանի Ռազմարդիւնաբերական համագործակցութեան դաշնային ծառայութեան տնօրէն՝ Տմիթրի Շուկաեւը, առանց սակայն, մանրամասնութիւններ նշելու: «(Պայմանագիրներ) ստորագրողներու շարքին մեր աւանդական գործընկերներն են՝ Ղազախիստանը, Հայաստանը, Պելառուսիան, Ուզպեքիստանը եւ, ի հարկէ, Հնդկաստանը, Չինաստանը եւ Միանմարը»,- ըստ Ռիա Նովոսթիին` ըսած է Շուկաեւը։ Աւելի վաղ «Ռոսօպորոնէքսփորթ»ի տնօրէն՝ Ալեքսանդր Միխէեւը լրագրողներուն հաղորդած էր, որ «Արմիա-2021»-ի ծիրէն ներս արդէն կնքուած են աւելի քան 20 գործարքներ՝ աւելի քան 2 միլիառ եւրօ արժողութեամբ։ Օգոստոս 24-ի երկոյեան, Մոսկուայի այդ ցուցահանդէսին մասնակցելէն եւ ռուսաստանեան ռազմաարդիւնաբերական ընկերութիւններու ղեկավարներուն հետ հանդիպելէն յետոյ ուշագրաւ յայտարարութեամբ հանդէս
26 Օգոստոսի 2021
3 ր. ընթերցում
Հայաստանը սպառազինութեան մատակարարման պայմանագիր կնքած է Մոսկուայի մէջ

Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցող «Արմիա-2021» ռազմարդիւնաբերական ցուցահանդէսի ծիրէն ներս Հայաստանը սպառազինութեան մատակարարման պայմանագիր կնքած է ռուսաստանեան ընկերութիւններու հետ, յայտնած է Ռուսաստանի Ռազմարդիւնաբերական համագործակցութեան դաշնային ծառայութեան տնօրէն՝ Տմիթրի Շուկաեւը, առանց սակայն, մանրամասնութիւններ նշելու:

«(Պայմանագիրներ) ստորագրողներու շարքին մեր աւանդական գործընկերներն են՝ Ղազախիստանը, Հայաստանը, Պելառուսիան, Ուզպեքիստանը եւ, ի հարկէ, Հնդկաստանը, Չինաստանը եւ Միանմարը»,- ըստ Ռիա Նովոսթիին` ըսած է Շուկաեւը։

Աւելի վաղ «Ռոսօպորոնէքսփորթ»ի տնօրէն՝ Ալեքսանդր Միխէեւը լրագրողներուն հաղորդած էր, որ «Արմիա-2021»-ի ծիրէն ներս արդէն կնքուած են աւելի քան 20 գործարքներ՝ աւելի քան 2 միլիառ եւրօ արժողութեամբ։

Օգոստոս 24-ի երկոյեան, Մոսկուայի այդ ցուցահանդէսին մասնակցելէն եւ ռուսաստանեան ռազմաարդիւնաբերական ընկերութիւններու ղեկավարներուն հետ հանդիպելէն յետոյ ուշագրաւ յայտարարութեամբ հանդէս եկաւ պաշտպանութեան նախարար՝ Արշակ Կարապետեան, թէ Հայաստանը հրաժարած է հին սպառազինութիւն ձեռք բերելէ եւ կը ծրագրէ գնել նոր եւ որակեալ սպառազինութիւն:

 

Գործ չէ ըրած եւ այսօր 100 միլիոն տոլարի տէր է․ Խաչատուր Սուքիասեանը՝ Արմէն Գէորգեանին
Նախորդ նիւթը

Գործ չէ ըրած եւ այսօր 100 միլիոն տոլարի տէր է․ Խաչատուր Սուքիասեանը՝ Արմէն Գէորգեանին

Ատրպէյճանական կողմը կրակահերթեր արձակած է Շուշիի մօտակայքը՝ Շոշ եւ Մխիթարաշէն համայքներու ուղղութեամբ
Յաջորդ նիւթը

Ատրպէյճանական կողմը կրակահերթեր արձակած է Շուշիի մօտակայքը՝ Շոշ եւ Մխիթարաշէն համայքներու ուղղութեամբ

ԱնցնիլՎեր