Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրը Հարաւային Կովկասի մէջ «խաղաղութեան բանալին» է. Չաւուշօղլու

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրը Հարաւային Կովկասի մէջ «խաղաղութեան բանալին» է: Այս մասին ըսած է Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն, գրած է Anadolu-ն: Շարունակելով թեման՝ Չաւուշօղլուն ուշադրութիւն հրաւիրած է Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորմանն ուղղուած ջանքերուն։ «Յատուկ ներկայացուցիչները (հայ-թրքական կարգաւորման գործընթացին մէջ երկու երկիրներու ներկայացուցիչները) չորս զրոյց ունեցած են: Ատրպէյճանի յաղթանակէն ետք Թուրքիան հանդէս եկաւ Հարաւային Կովկասի մէջ երկարաժամկէտ խաղաղութեան օգտին։ Այս ուղղութեամբ քայլերը կը շարունակուին։ Խօսքը Հայաստանի հետ օդային հաղորդակցութեան վերականգնման մասին է եւ այլն։ Առեւտուրի ոլորտին մէջ որոշակի ջանքեր գործադրուած են»,-ըսած է թուրք նախարարը։ Միեւնոյն ժամանակ, ան ենթակայական (սուբյեկտիւ) անուանած է Անգարայի եւ Երեւանի երկխօսութիւնը
24 Օգոստոսի 2022
5 ր. ընթերցում
Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրը Հարաւային Կովկասի մէջ «խաղաղութեան բանալին» է. Չաւուշօղլու

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրը Հարաւային Կովկասի մէջ «խաղաղութեան բանալին» է: Այս մասին ըսած է Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն, գրած է Anadolu-ն:

Շարունակելով թեման՝ Չաւուշօղլուն ուշադրութիւն հրաւիրած է Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորմանն ուղղուած ջանքերուն։

«Յատուկ ներկայացուցիչները (հայ-թրքական կարգաւորման գործընթացին մէջ երկու երկիրներու ներկայացուցիչները) չորս զրոյց ունեցած են: Ատրպէյճանի յաղթանակէն ետք Թուրքիան հանդէս եկաւ Հարաւային Կովկասի մէջ երկարաժամկէտ խաղաղութեան օգտին։ Այս ուղղութեամբ քայլերը կը շարունակուին։ Խօսքը Հայաստանի հետ օդային հաղորդակցութեան վերականգնման մասին է եւ այլն։ Առեւտուրի ոլորտին մէջ որոշակի ջանքեր գործադրուած են»,-ըսած է թուրք նախարարը։

Միեւնոյն ժամանակ, ան ենթակայական (սուբյեկտիւ) անուանած է Անգարայի եւ Երեւանի երկխօսութիւնը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ շփումներէն մեկուսացած ընկալելու փորձերը։

«Հարաւային Կովկասի մէջ երկարաժամկէտ «խաղաղութեան բանալին» Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ մաշտապային խաղաղութեան համաձայնագիրն է։ Պաքուն յայտարարած է իր նախաձեռնութիւններու մասին, որուն Երեւանը չէ արձագանգած։ Աշխատանքները սկսելու համար ստեղծուած է համատեղ յանձնաժողով։ Խօսքը «Զանգեզուրի միջանցքի» մասին է։ Սակայն Հայաստանին սա կը մտահոգէ։ Երեւանը պէտք է որոշէ՝ խաղաղութիւն կ’ուզէ՞»,- շարունակած է Չաւուշօղլուն:

Միաժամանակ ան ընդգծած է, որ երկու տարի անց հայկական զօրքերը դեռ չեն լքած «Ատրպէյճանի տարածքը»:

«Բոլորին ակնյայտ է կարգաւորման գործընթացին մէջ Հայաստանի անկեղծ չըլլալը։ Երեւանը պէտք է իմանայ, որ Անգարան Պաքուէն թաքուն ծրագրեր չունի. մենք «խաղաղութեան» կողմնակից ենք»,- եզրափակած է ան:

ԱՄՆ իր քաղաքացիներուն կոչ ըրած է լքելու Ուքրանիան
Նախորդ նիւթը

ԱՄՆ իր քաղաքացիներուն կոչ ըրած է լքելու Ուքրանիան

9 տուն պատրաստ է, 4-ն ընթացքի մէջ է. Շուռնուխի նոր թաղամասի կառուցումը՝ ընթացքի մէջ
Յաջորդ նիւթը

9 տուն պատրաստ է, 4-ն ընթացքի մէջ է. Շուռնուխի նոր թաղամասի կառուցումը՝ ընթացքի մէջ

ԱնցնիլՎեր