2020 թուականի ամրան Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի պասքեթպոլի հաւաքականները պիտի մրցին իրարու դէմ: Երկու խումբերը ընդգրկուած են փոքր երկիրներու Եւրոպայի առաջնութեան B խումբին մէջ:
Ատրպէյճանէն բացի, խումբին մէջ մեր ընտրանիի մրցակիցները պիտի ըլլան նաեւ Իրլանտայի եւ Անտորայի հաւաքականները: Հանդիպումները պիտի կայանան 28 յունիսէն 4 յուլիսին, Իրլանտայի Լիմերիք քաղաքին մէջ: