Հայաստանը ՄԱԿ-ի Գլխավոր վեհաժողովում դեմ է քվեարկել հակառուսական բանաձևին

ՄԱԿ-ի Գլխաւոր վեհաժողովը ընդունած է «Ղրիմի Ինքնավար Հանրապետութեան, Սեւասթոպոլի, Սեւ եւ Ազովի ծովերու ջրային տարածքներուն մէջ ռազմականացման խնդրի վերաբերեալ» բանաձեւ, որով դատապարտած է Ռուսաստանի Դաշնութեան կողմէ Ղրիմի ու Սեւասթոպոլի շրջափակումը: Ինչպէս կը յայտնէ The Washington Post-ը, նշեալ տարածքներէն զինուժն անյապաղ դուրս բերելու կոչով բանաձեւին կողմ քուէարկած է 63 երկիր, դէմ՝ 19-ը, այդ շարքին՝ Հայաստանը: Մինչդեռ 66 երկիր ձեռնպահ մնացած է, իսկ 45-ը չէ մասնակցած քուէարկութեան: Հայաստանէն բացի՝ բանաձեւին դէմ քուէարկած են Պելարուսը, Չինաստանը, Հիւսիսային Քորէան, Իրանը, Ղրղզստանը, Սերպիան, Վենեզուելան, Սուրիան եւ այլ պետութիւններ: Կը նշուի, որ, ի տարբերութիւն Անվտանգութեան խորհուրդի, Գլխաւոր վեհաժողովի բանաձեւերն իրաւական տեսանկիւնէ պարտաւորեցնող չեն՝ հակառակ, որ կ’արտացոլեն միջազգային հանրութեան տեսակէտը:
11 Դեկտեմբերի 2019
2 ր. ընթերցում
Հայաստանը ՄԱԿ-ի Գլխավոր վեհաժողովում դեմ է քվեարկել հակառուսական բանաձևին

ՄԱԿ-ի Գլխաւոր վեհաժողովը ընդունած է «Ղրիմի Ինքնավար Հանրապետութեան, Սեւասթոպոլի, Սեւ եւ Ազովի ծովերու ջրային տարածքներուն մէջ ռազմականացման խնդրի վերաբերեալ» բանաձեւ, որով դատապարտած է Ռուսաստանի Դաշնութեան կողմէ Ղրիմի ու Սեւասթոպոլի շրջափակումը:

Ինչպէս կը յայտնէ The Washington Post-ը, նշեալ տարածքներէն զինուժն անյապաղ դուրս բերելու կոչով բանաձեւին կողմ քուէարկած է 63 երկիր, դէմ՝ 19-ը, այդ շարքին՝ Հայաստանը: Մինչդեռ 66 երկիր ձեռնպահ մնացած է, իսկ 45-ը չէ մասնակցած քուէարկութեան:

Հայաստանէն բացի՝ բանաձեւին դէմ քուէարկած են Պելարուսը, Չինաստանը, Հիւսիսային Քորէան, Իրանը, Ղրղզստանը, Սերպիան, Վենեզուելան, Սուրիան եւ այլ պետութիւններ:

Կը նշուի, որ, ի տարբերութիւն Անվտանգութեան խորհուրդի, Գլխաւոր վեհաժողովի բանաձեւերն իրաւական տեսանկիւնէ պարտաւորեցնող չեն՝ հակառակ, որ կ’արտացոլեն միջազգային հանրութեան տեսակէտը:

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի պասքեթպոլի հաւաքականները  իրարու դէմ պիտի մրցին
Նախորդ նիւթը

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի պասքեթպոլի հաւաքականները իրարու դէմ պիտի մրցին

Ֆրանսական յայտնի PAUL սրճարաններու ցանցը մուտք պիտի գործէ Հայաստան
Յաջորդ նիւթը

Ֆրանսական յայտնի PAUL սրճարաններու ցանցը մուտք պիտի գործէ Հայաստան

ԱնցնիլՎեր