Հայաստանի եւ Արցախի նախագահները հանդիպեցան Երեւանի մէջ

Երեւանի մէջ տեղի ունեցած է Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեանի եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հանդիպումը: Այս մասին կը տեղեկացնէ Արցախի նախագահի պաշտօնական կայքէջը։ «Քննարկուած է տարբեր ոլորտներու մէջ հայկական երկու պետութիւններու փոխգործակցութեան վերաբերող հարցերու լայն շրջանակ», — ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։ Հայաստանի վարչապետի տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Նիկոլ Փաշինեանը իր խօսքին մէջ նշած է. «Կարեւոր կը համարեմ մեր պարբերական հանդիպումները եւ շփումները: Ի հարկէ, հանրութիւնն այդ հանդիպումներէն ու շփումներէն ոչ բոլորի մասին կը տեղեկանայ, որովհետեւ մենք գործնականի մէջ անընդհատ կապի մէջ ենք եւ անընդհատ տարբեր հարցերով քննարկումներ կ’ունենանք: Այսօրուայ քննարկումն ալ կը կարծեմ, կարեւոր է, վերջին շրջանին տեղի
16 Հոկտեմբերի 2019
5 ր. ընթերցում
Հայաստանի եւ Արցախի նախագահները հանդիպեցան Երեւանի մէջ

Երեւանի մէջ տեղի ունեցած է Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեանի եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հանդիպումը: Այս մասին կը տեղեկացնէ Արցախի նախագահի պաշտօնական կայքէջը։

«Քննարկուած է տարբեր ոլորտներու մէջ հայկական երկու պետութիւններու փոխգործակցութեան վերաբերող հարցերու լայն շրջանակ», — ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Հայաստանի վարչապետի տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Նիկոլ Փաշինեանը իր խօսքին մէջ նշած է. «Կարեւոր կը համարեմ մեր պարբերական հանդիպումները եւ շփումները: Ի հարկէ, հանրութիւնն այդ հանդիպումներէն ու շփումներէն ոչ բոլորի մասին կը տեղեկանայ, որովհետեւ մենք գործնականի մէջ անընդհատ կապի մէջ ենք եւ անընդհատ տարբեր հարցերով քննարկումներ կ’ունենանք: Այսօրուայ քննարկումն ալ կը կարծեմ, կարեւոր է, վերջին շրջանին տեղի ունեցած շարք մը հանդիպումներու, քննարկումներու արդիւնքները եւ տպաւորութիւնները Ձեր հետ կիսելու առումով: Այնպէս որ, շատ ուրախ եմ Ձեզ տեսնելու համար»:

Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանն ալ իր հերթին ըսած է. «Ինչպէս կարգն է այս հանդիպումներու ժամանակ քննարկել, տեղի ունեցած են շարք մը իրադարձութիւններ, նշանաւոր իրադարձութիւններ, եւ այդ ամէնու մասին ես Ձեզ տեղեկութիւններ կը հաղորդեմ: Եւ այս կարգի հանդիպումներու ժամանակ մենք ի մի կը բերենք նախորդ ժամանակաշրջանի աշխատանքները եւ կը նախանշենք յաջորդ մեր առաջադրանքները: Շատ ուրախ եմ հանդիպման համար»:

Վարչապետի պաշտօնական կայքէջը կը տեղեկացնէ, որ «Նիկոլ Փաշինեանը եւ Բակօ Սահակեանը քննարկած են Հայաստան-Արցախ կապերու զարգացման եւ ամրապնդման վերաբերող հարցեր»։

 

Փաշինեան-Կախարիա հանդիպման արդիւնքները՝ դրական
Նախորդ նիւթը

Փաշինեան-Կախարիա հանդիպման արդիւնքները՝ դրական

Մեկնարկ Ընկ. Արա Ահարոնեանի նոր հատորի հրատարակման
Յաջորդ նիւթը

Մեկնարկ Ընկ. Արա Ահարոնեանի նոր հատորի հրատարակման

ԱնցնիլՎեր