Փաշինեան-Կախարիա հանդիպման արդիւնքները՝ դրական

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը հանդիպած է պաշտօնական այցով Հայաստան գտնուող Վրաստանի վարչապետ Կէորկի Կախարիայի հետ: Նախ տեղի ունեցած է դիմաւորման պաշտօնական արարողութիւնը, որմէ ետք կայացած է երկու երկիրներու վարչապետներու առանձնազրոյցն ու ընդլայնուած կազմով հանդիպումը: «Կարեւոր է արձանագրել` երկուստեք համոզուած ենք, որ այսօրուայ բանակցութիւնների արդիւնքում մեր երկրների յարաբերութիւններն էլ աւելի են լաւանալու: Եթէ ինձ հարցնեն, թէ որոնք են իմ վարչապետութեան մէկուկէս տարիների ձեռքբերումները, ապա առաջին հերթին կը նշեմ Վրաստանի հետ նոր մակարդակի յարաբերութիւնների ձեւաւորումը: Միաժամանակ համոզուած եմ, որ մեր աշխատանքների արդիւնքում երկկողմ համագործակցութիւնը շատ աւելի կը զարգանայ», — նշած է Նիկոլ Փաշինեանը: Ըստ վարչապետի տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան, Վրաստանի վարչապետը
16 Հոկտեմբերի 2019
6 ր. ընթերցում
Փաշինեան-Կախարիա հանդիպման արդիւնքները՝ դրական

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը հանդիպած է պաշտօնական այցով Հայաստան գտնուող Վրաստանի վարչապետ Կէորկի Կախարիայի հետ:

Նախ տեղի ունեցած է դիմաւորման պաշտօնական արարողութիւնը, որմէ ետք կայացած է երկու երկիրներու վարչապետներու առանձնազրոյցն ու ընդլայնուած կազմով հանդիպումը:

«Կարեւոր է արձանագրել` երկուստեք համոզուած ենք, որ այսօրուայ բանակցութիւնների արդիւնքում մեր երկրների յարաբերութիւններն էլ աւելի են լաւանալու: Եթէ ինձ հարցնեն, թէ որոնք են իմ վարչապետութեան մէկուկէս տարիների ձեռքբերումները, ապա առաջին հերթին կը նշեմ Վրաստանի հետ նոր մակարդակի յարաբերութիւնների ձեւաւորումը: Միաժամանակ համոզուած եմ, որ մեր աշխատանքների արդիւնքում երկկողմ համագործակցութիւնը շատ աւելի կը զարգանայ», — նշած է Նիկոլ Փաշինեանը:

Ըստ վարչապետի տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան, Վրաստանի վարչապետը իր հերթին նշած է. « Ինծի համար մեծ պատիւ է պաշտօնական այցով գտնուիլ Հայաստան: Մենք մեծ պատասխանատւութիւն ունինք մեր նախնիներու առաջ, որոնք դրած են մեր երկիրներու ու ժողովուրդներու բարեկամութեան հիմքը: Կը ցանկամ հաւաստել, որ մեր յարաբերութիւններն ալ աւելի կը խորանան մեր կողմէ ստանձնած պարտաւորութիւններու կատարմամբ, ինչը կ’անդրադառնայ նաեւ մեր քաղաքացիներուն վրայ: Հակառակ անոր, որ երկուստեք մեր յարաբերութիւնները կը գնահատենք բարձր, սակայն մենք տնտեսութեան, մշակոյթի եւ միւս ոլորտներուն մէջ կապերը զարգացնելու լաւ հնարաւորութիւններ ունինք»։

Առանձնազրոյցի ընթացքին զրուցակիցները անդրադարձած են հայ-վրացական յարաբերութիւններու օրակարագային շարք մը հարցերու, այդ շարքին` առեւտրատնտեսական կապերու ընդլայնման, տնտեսութեան տարբեր ճիւղերու մէջ համագործակցութեան զարգացման վերաբերող թեմաներու:

Ընդլայնուած կազմով հանդիպման վարչապետ Փաշինեանը նշած է, որ առանձնազրոյցի ընթացքին հասցուցած են քննարկել հարցերու լայն շրջանակ: «Անոր ամենակարեւոր արդիւնքը հետեւեալն է. մենք խորապէս շահագրգռուած ենք արձանագրելու նոր արդիւնքներ մեր երկիրներու յարաբերութիւններուն մէջ եւ  կերտելու ռազմավարական զարգացման տեսլական», — նշած է Հայաստանի վարչապետը:

Հայաստանի դատական բարեփոխումներուն դրական գնահատական Վենետիկէն
Նախորդ նիւթը

Հայաստանի դատական բարեփոխումներուն դրական գնահատական Վենետիկէն

Հայաստանի եւ Արցախի նախագահները հանդիպեցան Երեւանի մէջ
Յաջորդ նիւթը

Հայաստանի եւ Արցախի նախագահները հանդիպեցան Երեւանի մէջ

ԱնցնիլՎեր