Հայաստանի զբօսաշրջութեան ոլորտը ծանր վիճակի մէջ

Զբօսաշրջութեան կոմիտէի ներկայացուցած տուեալներով, այս տարուայ առաջին երեք ամիսներուն, անցեալ տարուայ նոյն ժամանակահատուածին համեմատ, Հայաստան այցելած զբօսաշրջիկներուն թիւը պակսած է 175 հազարով։ Նշենք, այդուհանդերձ, որ տարուայ առաջին ամիսները աւանդաբար կը համարուին, զբօսաշրջութեան տեսանկիւնէ, անբարենպաստ ամիսներ, իսկ շրջագայութեան ընկերութիւններն ու հիւրանոցները զբօսաշրջութեան ժամանակաշրջանի  մեկնարկը կ’ընեն ապրիլին։ «Փիքնիք» հիւրանոցային ցանցի համահիմնադիր Արտաշէս Մելքումեան «Ազատութեան» հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ․ — «Այս պիզնեսի վատը այն է, որ չես կրնար ձեւափոխել, համացանցային իրական զբօսաշրջութիւն չկայ․․․» Հետեւաբար ստիպուած են պարզապէս սպասել, թէ վերջապէս երբ կը նահանջէ նոր «Քորոնա» ժահրը, կը վերականգնուի օդային երթեւեկութիւնը։
9 Ապրիլի 2020
2 ր. ընթերցում
Հայաստանի զբօսաշրջութեան ոլորտը ծանր վիճակի մէջ

Զբօսաշրջութեան կոմիտէի ներկայացուցած տուեալներով, այս տարուայ առաջին երեք ամիսներուն, անցեալ տարուայ նոյն ժամանակահատուածին համեմատ, Հայաստան այցելած զբօսաշրջիկներուն թիւը պակսած է 175 հազարով։

Նշենք, այդուհանդերձ, որ տարուայ առաջին ամիսները աւանդաբար կը համարուին, զբօսաշրջութեան տեսանկիւնէ, անբարենպաստ ամիսներ, իսկ շրջագայութեան ընկերութիւններն ու հիւրանոցները զբօսաշրջութեան ժամանակաշրջանի  մեկնարկը կ’ընեն ապրիլին։

«Փիքնիք» հիւրանոցային ցանցի համահիմնադիր Արտաշէս Մելքումեան «Ազատութեան» հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ․ — «Այս պիզնեսի վատը այն է, որ չես կրնար ձեւափոխել, համացանցային իրական զբօսաշրջութիւն չկայ․․․»

Հետեւաբար ստիպուած են պարզապէս սպասել, թէ վերջապէս երբ կը նահանջէ նոր «Քորոնա» ժահրը, կը վերականգնուի օդային երթեւեկութիւնը։

Ալեն Սիմոնեանի կարծիքով Տէր Պետրոսեանի յօդուածէն ետք ալ կառավարութեան դէմ գրոհները պիտի շարունակուին
Նախորդ նիւթը

Ալեն Սիմոնեանի կարծիքով Տէր Պետրոսեանի յօդուածէն ետք ալ կառավարութեան դէմ գրոհները պիտի շարունակուին

Արցախի մէջ «Քորոնա» ժահրի եւս 2 դէպք հաստատուած է
Յաջորդ նիւթը

Արցախի մէջ «Քորոնա» ժահրի եւս 2 դէպք հաստատուած է

ԱնցնիլՎեր