Հայաստանի կառավարութիւնը հանրաքուէի կազմակերպման համար մօտ 3,5 միլիառ դրամ յատկացուց

Կառավարութիւնը պահուստային ֆոնտէն մօտ 3,5 միլիառ դրամ յատկացուց Սահմանադրութեան փոփոխութիւններու հանրաքուէն կազմակերպելու համար։ Փաշինեանը շահարկում-քննարկումներ կանխատեսելով, պնդեց՝ զանոնք տեղին չեն։ Սահմանադրական փոփոխութիւններու սպասուող հանրաքուէն Հրայր Թովմասեանի եւ Սահմանադրական դատարանի (ՍԴ) վեց անդամներու պաշտօնավարումը դադրեցնելուն կը վերաբերի, փողն ալ ատոր յատկացուած է, բայց վարչապետը ծախսի տնտեսական օգուտներուն մասին խօսեցաւ։ «Ծախսուող գումարն ի վերջոյ ներհոսելու է տնտեսութիւն, որովհետեւ էդ գումարով տնտեսական գործարքներ են ի վերջոյ տեղի ունենալու, եւ երկրորդը՝ ժողովրդի ազատ կամարտայայտութիւնը ապահովելու համար, այո, պէտք է ծախսուեն գումարներ։ Այնպէս որ, այստեղ քննարկումները եւ շահարկումները տեղին չեն», — ըսած է վարչապետը։
21 Փետրվարի 2020
2 ր. ընթերցում
Հայաստանի կառավարութիւնը հանրաքուէի կազմակերպման համար մօտ 3,5 միլիառ դրամ յատկացուց

Կառավարութիւնը պահուստային ֆոնտէն մօտ 3,5 միլիառ դրամ յատկացուց Սահմանադրութեան փոփոխութիւններու հանրաքուէն կազմակերպելու համար։

Փաշինեանը շահարկում-քննարկումներ կանխատեսելով, պնդեց՝ զանոնք տեղին չեն։ Սահմանադրական փոփոխութիւններու սպասուող հանրաքուէն Հրայր Թովմասեանի եւ Սահմանադրական դատարանի (ՍԴ) վեց անդամներու պաշտօնավարումը դադրեցնելուն կը վերաբերի, փողն ալ ատոր յատկացուած է, բայց վարչապետը ծախսի տնտեսական օգուտներուն մասին խօսեցաւ։

«Ծախսուող գումարն ի վերջոյ ներհոսելու է տնտեսութիւն, որովհետեւ էդ գումարով տնտեսական գործարքներ են ի վերջոյ տեղի ունենալու, եւ երկրորդը՝ ժողովրդի ազատ կամարտայայտութիւնը ապահովելու համար, այո, պէտք է ծախսուեն գումարներ։ Այնպէս որ, այստեղ քննարկումները եւ շահարկումները տեղին չեն», — ըսած է վարչապետը։

Երէկ մահացած Երուանդ Մանարեանի հոգեհանգիստը այսօր
Նախորդ նիւթը

Երէկ մահացած Երուանդ Մանարեանի հոգեհանգիստը այսօր

Միւնիխի մէջ Ալիեւի հետ քննարկումը ունի շրջադարձային նշանակութիւն․ Նիկոլ Փաշինեան
Յաջորդ նիւթը

Միւնիխի մէջ Ալիեւի հետ քննարկումը ունի շրջադարձային նշանակութիւն․ Նիկոլ Փաշինեան

ԱնցնիլՎեր