Հայաստանի կառավարութիւնը պիտի ստանայ «Լիտիան Արմէնիայի» բաժնետոմսերու 12,5 տոկոսը

Ամուլսարի ոսկու հանքավայրի շահագործման դիմաց Հայաստանը պիտի ստանայ «Լիտիան Արմէնիա» ընկերութեան բաժնետոմսերուն 12,5 տոկոսը: Տեղեկութիւնը հաստատած են Տնտեսութեան նախարարութենէն: Ազգային Ժողովին մէջ Տնտեսական հարցերու մշտական յանձնաժողովի նիստին ժամանակ  տնտեսութեան նախարար Վահան Քերոբեան յայտնած է, որ «Լիտիան Արմէնիա» ընկերութեան հետ 250 միլիոն տոլարի պայմանագիր պիտի կնքուի: Ճշդող հարցին` արդեօք կառավարութիւնը 250 միլիոն տոլարով պիտի գնէ՞ այդ բաժնետոմսերը, Տնտեսութեան Նախարարութենէն պատասխանած են․ «Ոչ, կառավարութիւնը ոչ մի բան չի ծախսեր»: Հայաստանի կառավարութիւնը 250 միլիոն տոլարի համաձայնագիր պիտի ստորագրէ «Լիտիան Արմէնիա» ընկերութեան հետ, որուն կը պատկանի Ամուլսարի ոսկիի հանքավայրի շահագործման արտօնագիրը: ՀՀ կառավարութեան, Եւրասիական Զարգացման դրամատան եւ «Լիտիան Արմէնիա» ընկերութեան միջեւ պիտի ստորագրուի Եռակողմ
22 Փետրվարի 2023
3 ր. ընթերցում
Հայաստանի կառավարութիւնը պիտի ստանայ «Լիտիան Արմէնիայի» բաժնետոմսերու 12,5 տոկոսը

Ամուլսարի ոսկու հանքավայրի շահագործման դիմաց Հայաստանը պիտի ստանայ «Լիտիան Արմէնիա» ընկերութեան բաժնետոմսերուն 12,5 տոկոսը: Տեղեկութիւնը հաստատած են Տնտեսութեան նախարարութենէն:

Ազգային Ժողովին մէջ Տնտեսական հարցերու մշտական յանձնաժողովի նիստին ժամանակ  տնտեսութեան նախարար Վահան Քերոբեան յայտնած է, որ «Լիտիան Արմէնիա» ընկերութեան հետ 250 միլիոն տոլարի պայմանագիր պիտի կնքուի: Ճշդող հարցին` արդեօք կառավարութիւնը 250 միլիոն տոլարով պիտի գնէ՞ այդ բաժնետոմսերը, Տնտեսութեան Նախարարութենէն պատասխանած են․ «Ոչ, կառավարութիւնը ոչ մի բան չի ծախսեր»:

Հայաստանի կառավարութիւնը 250 միլիոն տոլարի համաձայնագիր պիտի ստորագրէ «Լիտիան Արմէնիա» ընկերութեան հետ, որուն կը պատկանի Ամուլսարի ոսկիի հանքավայրի շահագործման արտօնագիրը: ՀՀ կառավարութեան, Եւրասիական Զարգացման դրամատան եւ «Լիտիան Արմէնիա» ընկերութեան միջեւ պիտի ստորագրուի Եռակողմ փոխըմբռնման յուշագիր: ՀՀ կառավարութեան կողմէ փաստաթուղթը պիտի ստորագրէ ՀՀ տնտեսութեան նախարար Վահան Քերոբեանը:

Կոչ կ'ընենք միջազգային գործընկերներուն ապահովելու Ատրպէյճանի կողմէ Հաագայի դատարանի որոշման անյապաղ իրականացումը․ ԱԳՆ
Նախորդ նիւթը

Կոչ կ’ընենք միջազգային գործընկերներուն ապահովելու Ատրպէյճանի կողմէ Հաագայի դատարանի որոշման անյապաղ իրականացումը․ ԱԳՆ

Ատրպէյճանը պարտաւոր է բանալ Լաչինի միջանցքը․ Արդարադատութեան միջազգային դատարան
Յաջորդ նիւթը

Ատրպէյճանը պարտաւոր է բանալ Լաչինի միջանցքը․ Արդարադատութեան միջազգային դատարան

ԱնցնիլՎեր