Հայաստանի ԿԸՅ. Նարեկ Ղահրամանեանը կը ստանայ Արսէն Ճուլֆալաքեանի պատգամաւորական մանտաթը

Հայաստանի կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը 23 սեպտեմբերին կայացած նիստին արձանագրութիւն կազմած է իշխող «Իմ քայլը» դաշինքէն Արսէն Ճուլֆալաքեանը սեփական դիմումի հիման վրայ պատգամաւորական մանտաթէն զրկելու մասին: Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը հաստատած է նաեւ այս մանտաթը Նարեկ Ղահրամանեանին փոխանցելու մասին արձանագրութիւնը, որ յաջորդն էր Ճուլֆալաքեանէն ետք իշխող «Իմ քայլը» դաշինքի համամասնական ցուցակին մէջ: Արձանագրութիւնը պիտի ուղարկուի Հայաստանի Ազգային ժողով: Նշենք, որ աւելի վաղ ՀՀ խորհրդարանի նախագահ Արարատ Միրզոյեանը յայտարարութիւն տարածած էր` իշխող «Իմ քայլը» դաշինքէն Արսէն Ջուլֆալաքեանի` մանտաթը վար դնելու վերաբերեալ յայտարարութեան մասին: Ճուլֆալաքեանը նշած է, որ իր պատգամաւորական մանտաթը վար դրած է հանրապետութեան կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ  մարմնամարզութեան նախարար Արայիկ Յարութիւնեանի հետ
24 Սեպտեմբերի 2020
2 ր. ընթերցում
Հայաստանի ԿԸՅ. Նարեկ Ղահրամանեանը կը ստանայ Արսէն Ճուլֆալաքեանի պատգամաւորական մանտաթը

Հայաստանի կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը 23 սեպտեմբերին կայացած նիստին արձանագրութիւն կազմած է իշխող «Իմ քայլը» դաշինքէն Արսէն Ճուլֆալաքեանը սեփական դիմումի հիման վրայ պատգամաւորական մանտաթէն զրկելու մասին:

Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը հաստատած է նաեւ այս մանտաթը Նարեկ Ղահրամանեանին փոխանցելու մասին արձանագրութիւնը, որ յաջորդն էր Ճուլֆալաքեանէն ետք իշխող «Իմ քայլը» դաշինքի համամասնական ցուցակին մէջ:

Արձանագրութիւնը պիտի ուղարկուի Հայաստանի Ազգային ժողով:

Նշենք, որ աւելի վաղ ՀՀ խորհրդարանի նախագահ Արարատ Միրզոյեանը յայտարարութիւն տարածած էր` իշխող «Իմ քայլը» դաշինքէն Արսէն Ջուլֆալաքեանի` մանտաթը վար դնելու վերաբերեալ յայտարարութեան մասին: Ճուլֆալաքեանը նշած է, որ իր պատգամաւորական մանտաթը վար դրած է հանրապետութեան կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ  մարմնամարզութեան նախարար Արայիկ Յարութիւնեանի հետ սկզբունքային տարաձայնութիւններու պատճառով:

 

Զախարովան` Ղարաբաղի վերաբերեալ Լաւրովի յայտարարութիւններու մասին. ՌԴ դիրքորոշումը այս հարցի վերաբերեալ  քաջ յայտնի է
Նախորդ նիւթը

Զախարովան` Ղարաբաղի վերաբերեալ Լաւրովի յայտարարութիւններու մասին. ՌԴ դիրքորոշումը այս հարցի վերաբերեալ քաջ յայտնի է

Վարչապետի շնորհակալագրով պարգեւատրուած են բուժաշխատողներ ու գերատեսչութիւններու ներկայացուցիչներ
Յաջորդ նիւթը

Վարչապետի շնորհակալագրով պարգեւատրուած են բուժաշխատողներ ու գերատեսչութիւններու ներկայացուցիչներ

ԱնցնիլՎեր