Հայաստանի մէջ արտադրուած ախտորոշող շիճուկներու առաջին խմբաքանակը պատրաստ է. Աւինեան

ՀՀ փոխվարչապետ, պարէտ Տիգրան Աւինեանը 1 յունիսին պարէտատան նիստէն ետք տեղի ունեցած ճեպազրոյցի ժամանակ յայտնած է, որ կառավարութիւնը նախաձեռնած է Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրը ախտորոշող  շիճուկներու արտադրութիւն: Ներկրուած 100 հազար հակազդակներու (ռեակենթ) հիման վրայ արդէն իսկ սկսած է ախտորոշող շիճուկներու արտադրութիւնը, նշած է Աւինեանը։ Անոր խօսքով՝ 2 յունիսին առաջին խմբաքանակը՝ 350 շիճուկ, պիտի յանձնուի Համաճարակներու կանխարգելման եւ վերահսկման ազգային կեդրոն, իսկ Մասնկային (Մոլեքիւլար) կենսաբանութեան հիմնարկը, ըստ գնահատականներու, կրնայ օրական 3 000-5 000 ախտորոշող շիճուկ արտադրել: «Սա յետագային քննութեան քանակի աւելացման պարագային հնարաւորութիւն պիտի ստեղծէ բաւարարելու մեր իսկ պահանջարկը»,- ըսած է պարէտը։
2 Հունիսի 2020
2 ր. ընթերցում
Հայաստանի մէջ արտադրուած ախտորոշող շիճուկներու առաջին խմբաքանակը պատրաստ է. Աւինեան

ՀՀ փոխվարչապետ, պարէտ Տիգրան Աւինեանը 1 յունիսին պարէտատան նիստէն ետք տեղի ունեցած ճեպազրոյցի ժամանակ յայտնած է, որ կառավարութիւնը նախաձեռնած է Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրը ախտորոշող  շիճուկներու արտադրութիւն:

Ներկրուած 100 հազար հակազդակներու (ռեակենթ) հիման վրայ արդէն իսկ սկսած է ախտորոշող շիճուկներու արտադրութիւնը, նշած է Աւինեանը։ Անոր խօսքով՝ 2 յունիսին առաջին խմբաքանակը՝ 350 շիճուկ, պիտի յանձնուի Համաճարակներու կանխարգելման եւ վերահսկման ազգային կեդրոն, իսկ Մասնկային (Մոլեքիւլար) կենսաբանութեան հիմնարկը, ըստ գնահատականներու, կրնայ օրական 3 000-5 000 ախտորոշող շիճուկ արտադրել:

«Սա յետագային քննութեան քանակի աւելացման պարագային հնարաւորութիւն պիտի ստեղծէ բաւարարելու մեր իսկ պահանջարկը»,- ըսած է պարէտը։

Հայաստանի մէջ «Քորոնա» Ժահրով վարակուած անձերու հաստատուած թիւը հասաւ 10009-ի
Նախորդ նիւթը

Հայաստանի մէջ «Քորոնա» Ժահրով վարակուած անձերու հաստատուած թիւը հասաւ 10009-ի

Ռուտիկ Հիւսնունցը նշանակուած է Արցախի նախագահի գլխաւոր խորհրդական
Յաջորդ նիւթը

Ռուտիկ Հիւսնունցը նշանակուած է Արցախի նախագահի գլխաւոր խորհրդական

ԱնցնիլՎեր