Հայաստանի մէջ գործազրկութեան մակարդակը նուազած է

Հայաստանի մէջ գործազրկութեան մակարդակը 2019-ի երկրորդ եռամսեակին նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածի նկատմամբ նուազած է 2,6 տոկոսային կէտով՝ կազմելով 17,7 տոկոս: Ինչպէս կը յայտնէ «Արմէնբրես»-ը՝ Վիճակագրական կոմիտէի տուեալներու համաձայն՝ գործազուրկներու թիւը ընթացիկ տարուան երկրորդ եռամսեակին կազմած է 207.2 հազար մարդ՝ նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածի 236.4 հազարի դիմաց: Յատկանշական է, որ գործազրկութեան մակարդակը երկրորդ եռամսեակին էականօրէն՝ շուրջ 4,2 տոկոսով նուազած է առաջին եռամսեակին արձանագրուած գործազրկութեան համեմատ: 2019-ի երկրորդ եռամսեակին նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածի համեմատ 1,6 տոկոսով բարձրացած է զբաղուածութեան մակարդակը՝ կազմելով 47,9%:
8 Հոկտեմբերի 2019
2 ր. ընթերցում
Հայաստանի մէջ գործազրկութեան մակարդակը նուազած է

Հայաստանի մէջ գործազրկութեան մակարդակը 2019-ի երկրորդ եռամսեակին նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածի նկատմամբ նուազած է 2,6 տոկոսային կէտով՝ կազմելով 17,7 տոկոս:

Ինչպէս կը յայտնէ «Արմէնբրես»-ը՝ Վիճակագրական կոմիտէի տուեալներու համաձայն՝ գործազուրկներու թիւը ընթացիկ տարուան երկրորդ եռամսեակին կազմած է 207.2 հազար մարդ՝ նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածի 236.4 հազարի դիմաց:

Յատկանշական է, որ գործազրկութեան մակարդակը երկրորդ եռամսեակին էականօրէն՝ շուրջ 4,2 տոկոսով նուազած է առաջին եռամսեակին արձանագրուած գործազրկութեան համեմատ:

2019-ի երկրորդ եռամսեակին նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածի համեմատ 1,6 տոկոսով բարձրացած է զբաղուածութեան մակարդակը՝ կազմելով 47,9%:

Թրամփ սպառնացած է կործանել Թուրքիոյ տնտեսութիւնը
Նախորդ նիւթը

Թրամփ սպառնացած է կործանել Թուրքիոյ տնտեսութիւնը

Վալերի Օսիբեանը դադրած է վարչապետի խորհրդական ըլլալէ
Յաջորդ նիւթը

Վալերի Օսիբեանը դադրած է վարչապետի խորհրդական ըլլալէ

ԱնցնիլՎեր