Հայաստանի մէջ ոչ մէկ ուժ կրնայ խաթարել մեր երկրի կայունութիւնը. Վարչապետ

Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ, 2018-ի Մայիսէն ի վեր հաստատուած է ժողովրդավարական կայունութիւն։ «Արմէնբրես»-ի փոխանցումով՝ այս մասին Ազգային ժողովի ՀՀ կառավարութեան ծրագիրի կատարման ընթացքին եւ արդիւնքներու մասին տարեկան զեկոյցի քննարկումի ժամանակ ըսած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։ «Հայաստանի Հանրապետութիւնը կայուն ժողովրդավարական պետութիւն է։ Գիտէք, Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ շատ երկար տարիներ հաստատուած  եղած է մենատիրական կայունութիւն։ Եւ մենատիրական կայունութեան ֆոնին ժողովրդավարական կայունութիւնը երբեմն կրնայ անկայունութեան տպաւորութիւն ձգել։ Բայց ես կ’ուզեմ արձանագրել, որ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ հաստատուած է ժողովրդավարական կայունութիւն, հաստատուած է ժողովրդական եւ ժողովրդավարական իշխանութիւն, եւ Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովրդավարական կայունութեան ոչինչ կը սպառնայ։ Պատիւ ունիմ արձանագրել, որ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ չկայ որեւէ քաղաքական, ոճրային,
7 Մայիսի 2020
3 ր. ընթերցում
Հայաստանի մէջ ոչ մէկ ուժ կրնայ խաթարել մեր երկրի կայունութիւնը. Վարչապետ

Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ, 2018-ի Մայիսէն ի վեր հաստատուած է ժողովրդավարական կայունութիւն։ «Արմէնբրես»-ի փոխանցումով՝ այս մասին Ազգային ժողովի ՀՀ կառավարութեան ծրագիրի կատարման ընթացքին եւ արդիւնքներու մասին տարեկան զեկոյցի քննարկումի ժամանակ ըսած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։

«Հայաստանի Հանրապետութիւնը կայուն ժողովրդավարական պետութիւն է։ Գիտէք, Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ շատ երկար տարիներ հաստատուած  եղած է մենատիրական կայունութիւն։ Եւ մենատիրական կայունութեան ֆոնին ժողովրդավարական կայունութիւնը երբեմն կրնայ անկայունութեան տպաւորութիւն ձգել։ Բայց ես կ’ուզեմ արձանագրել, որ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ հաստատուած է ժողովրդավարական կայունութիւն, հաստատուած է ժողովրդական եւ ժողովրդավարական իշխանութիւն, եւ Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովրդավարական կայունութեան ոչինչ կը սպառնայ։ Պատիւ ունիմ արձանագրել, որ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ չկայ որեւէ քաղաքական, ոճրային, մաֆիոզ ուժ, որ ի վիճակի ըլլայ խաթարել Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովրդավարական կայունութիւնը, որ ի վիճակի ըլլայ կասկածի տակ դնել 2018 թուականին տեղի ունեցած ոչ բռնի, ժողովրդական, թաւշեայ յեղափոխութիւնը»,- Ըսած է վարչապետը։

Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 2884-ի
Նախորդ նիւթը

Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 2884-ի

Վիճակը հետզհետէ կը բարդանայ. Նախարար Արսէն Թորոսեան
Յաջորդ նիւթը

Վիճակը հետզհետէ կը բարդանայ. Նախարար Արսէն Թորոսեան

ԱնցնիլՎեր