Հայաստանի մէջ ՌԴ դեսպանը այցելած է Երասխի սահմանամերձ հատուածներ

Հայաստանի մէջ ՌԴ դեսպան Սերկէյ Քոփիրքինի արձակուրդային այցելութիւններու հերթական տեղը Արարատի մարզն էր, ուր դիւանագէտը ընտանիքի հետ եղած է Փոքր Վեդի գիւղի հնագիտական պեղումներու վայրը, յայտնած են ՀՀ-ի մէջ ՌԴ դեսպանատան դիմատետրեան էջէն։ Ուղեւորութեան ընթացքին Քոփիրքինը այցելած է նաեւ հայկական սահմանի առանձին հատուածներ, այդ շարքին Երասխի բնակավայրը, ուր հանդիպած է Հայաստանի մէջ Ռուսաստանի ԱԴԾ սահմանապահ վարչութեան Արարատի սահմանապահ ջոկատի հայ եւ ռուս սահմանապահներու հետ։ Ուղեկալներէն մէկուն այցելութեան ժամանակ դեսպանը ընտանիքի հետ ծաղիկներ խոնարհած է սահմանապահ Ա.Պ.Կորիակովի կիսանդրիի մօտ։ Կորիակովը զոհուած էր 1948 թուականին Թուրքիոյ տարածքէն ներխուժած ներթափանցող ուժերու հետ կռիւի ընթացքին՝ ծառայողական պարտքը կատարելու ժամանակ։
17 Օգոստոսի 2021
2 ր. ընթերցում
Հայաստանի մէջ ՌԴ դեսպանը այցելած է Երասխի սահմանամերձ հատուածներ

Հայաստանի մէջ ՌԴ դեսպան Սերկէյ Քոփիրքինի արձակուրդային այցելութիւններու հերթական տեղը Արարատի մարզն էր, ուր դիւանագէտը ընտանիքի հետ եղած է Փոքր Վեդի գիւղի հնագիտական պեղումներու վայրը, յայտնած են ՀՀ-ի մէջ ՌԴ դեսպանատան դիմատետրեան էջէն։

Ուղեւորութեան ընթացքին Քոփիրքինը այցելած է նաեւ հայկական սահմանի առանձին հատուածներ, այդ շարքին Երասխի բնակավայրը, ուր հանդիպած է Հայաստանի մէջ Ռուսաստանի ԱԴԾ սահմանապահ վարչութեան Արարատի սահմանապահ ջոկատի հայ եւ ռուս սահմանապահներու հետ։

Ուղեկալներէն մէկուն այցելութեան ժամանակ դեսպանը ընտանիքի հետ ծաղիկներ խոնարհած է սահմանապահ Ա.Պ.Կորիակովի կիսանդրիի մօտ։ Կորիակովը զոհուած էր 1948 թուականին Թուրքիոյ տարածքէն ներխուժած ներթափանցող ուժերու հետ կռիւի ընթացքին՝ ծառայողական պարտքը կատարելու ժամանակ։

Արցախը Ատրպէյճանի տարածք չէ. Դաւիթ Բաբայեանը կոչ կ'ընէ Պաքուին չխեղաթիւրելու իրականութիւնը
Նախորդ նիւթը

Արցախը Ատրպէյճանի տարածք չէ. Դաւիթ Բաբայեանը կոչ կ’ընէ Պաքուին չխեղաթիւրելու իրականութիւնը

Իլհամ Ալիեւ տեղանուանական պատերազմ սկսած է Հայաստանի հետ
Յաջորդ նիւթը

Իլհամ Ալիեւ տեղանուանական պատերազմ սկսած է Հայաստանի հետ

ԱնցնիլՎեր