Հայաստանի մէջ սկսած է գործել Covid-19 բջիջային յաւելուածը

Հայաստանի մէջ արտակարգ դրութեան պարէտ Տիգրան Աւինեանը ներկայացուցած է Covid-19 Armenia յաւելուածը, որ ստեղծուած է Հայաստանի մէջ հայ մասնագէտներու կողմէ: Իր ֆեյսպուքեան գրառման մէջ ան նշած է, որ արդէն ծանօթ AC19 յաւելուածի տուեալներու պարունակութիւնը տեղափոխուած են Covid-19 Armenia: «Յաւելուածի ամենակարեւոր կէտը օգտատիրոջ բժշկական քննութիւնն է: Շարք մը հարցերու պատասխաններու շնորհիւ համակարգը կը գնահատէ Ձեր առողջական վիճակը եւ անհրաժեշտութեան պարագային խորհուրդ կու տայ թէ ինչ քայլեր ձեռնարկել: Բացի այդ, վտանգի գօտիի մէջ յայտնուած օգտատէրերու հետ կապ պիտի հաստատեն պարէտատան համաճարակաբանները եւ պիտի վարեն հարցազրոյց, որուն միջոցաւ պիտի որոշեն թէ արդեօք անձը կարիք ունի հետագայ բժշկական ուշադրութեան: Կարեւոր է խուսափիլ սխալ տուեալներ
6 Ապրիլի 2020
2 ր. ընթերցում
Հայաստանի մէջ սկսած է գործել Covid-19 բջիջային յաւելուածը

Հայաստանի մէջ արտակարգ դրութեան պարէտ Տիգրան Աւինեանը ներկայացուցած է Covid-19 Armenia յաւելուածը, որ ստեղծուած է Հայաստանի մէջ հայ մասնագէտներու կողմէ: Իր ֆեյսպուքեան գրառման մէջ ան նշած է, որ արդէն ծանօթ AC19 յաւելուածի տուեալներու պարունակութիւնը տեղափոխուած են Covid-19 Armenia:

«Յաւելուածի ամենակարեւոր կէտը օգտատիրոջ բժշկական քննութիւնն է: Շարք մը հարցերու պատասխաններու շնորհիւ համակարգը կը գնահատէ Ձեր առողջական վիճակը եւ անհրաժեշտութեան պարագային խորհուրդ կու տայ թէ ինչ քայլեր ձեռնարկել: Բացի այդ, վտանգի գօտիի մէջ յայտնուած օգտատէրերու հետ կապ պիտի հաստատեն պարէտատան համաճարակաբանները եւ պիտի վարեն հարցազրոյց, որուն միջոցաւ պիտի որոշեն թէ արդեօք անձը կարիք ունի հետագայ բժշկական ուշադրութեան: Կարեւոր է խուսափիլ սխալ տուեալներ մուտքագրելէն, որպէսզի բժիշկները կապ հաստատեն իրապէս օգնութեան կարիք ունեցողներու հետ»,- պարզաբանած է պարէտը:

 

Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրի 11 նոր դէպք գրանցուած է
Նախորդ նիւթը

Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրի 11 նոր դէպք գրանցուած է

«Թուիթըր»ի իր էջով Քիմ Քարտաշեան կը շարունակէ գրառումներ կատարել Հայաստանի մասին
Յաջորդ նիւթը

«Թուիթըր»ի իր էջով Քիմ Քարտաշեան կը շարունակէ գրառումներ կատարել Հայաստանի մասին

ԱնցնիլՎեր