Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրի 11 նոր դէպք գրանցուած է

Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրի 11 նոր դէպք գրանցուած է: Այս մասին Ֆեյսպուքի իր էջին ուղիղ հեռարձակմամբ 6 ապրիլին տեղեկացուցած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը:  «Կատարուած է 263 քննութիւն, որմէ ընդամէնը 11-ը եղած է դրական պատասխանով: Սա աննախադէպ ցուցանիշ է վերջին շաբաթներու համար: Սա կը նշանակէ, որ միջոցառումները, որոնք բազմաթիւ անյարմարութիւններ կը պատճառեն, սկսած են դրական արդիւնք տալ: Առաջիկայ մէկ շաբթուան ընթացքին աւելի խստօրէն պէտք է պահել պարէտի սահմանափակումները: Այդ պարագային, հաւանականութիւնը կը մեծնայ, որ երկուշաբթի օրէն սկսինք մտածել ռեժիմներու թուլացման մասին: Կը կրկնեմ, որ առաջիկայ շաբաթն աւելի նախանձախնդիր պէտք է փորձենք պահել եղած սահամանափակումները: Այսօրվան տուեալները մեզ կը յուսադրեն, ի հարկէ, վաղուան թիւերը նոյնպէս պէտք է վերլուծենք»,-ըսած է Նիկոլ Փաշինեանը:  Ան
6 Ապրիլի 2020
3 ր. ընթերցում
Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրի 11 նոր դէպք գրանցուած է

Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրի 11 նոր դէպք գրանցուած է: Այս մասին Ֆեյսպուքի իր էջին ուղիղ հեռարձակմամբ 6 ապրիլին տեղեկացուցած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը: 

«Կատարուած է 263 քննութիւն, որմէ ընդամէնը 11-ը եղած է դրական պատասխանով: Սա աննախադէպ ցուցանիշ է վերջին շաբաթներու համար: Սա կը նշանակէ, որ միջոցառումները, որոնք բազմաթիւ անյարմարութիւններ կը պատճառեն, սկսած են դրական արդիւնք տալ: Առաջիկայ մէկ շաբթուան ընթացքին աւելի խստօրէն պէտք է պահել պարէտի սահմանափակումները: Այդ պարագային, հաւանականութիւնը կը մեծնայ, որ երկուշաբթի օրէն սկսինք մտածել ռեժիմներու թուլացման մասին: Կը կրկնեմ, որ առաջիկայ շաբաթն աւելի նախանձախնդիր պէտք է փորձենք պահել եղած սահամանափակումները: Այսօրվան տուեալները մեզ կը յուսադրեն, ի հարկէ, վաղուան թիւերը նոյնպէս պէտք է վերլուծենք»,-ըսած է Նիկոլ Փաշինեանը: 

Ան տեղեկացուցած է, նաեւ, որ գրանցուած է եւս մէկ մահուան դէպք: Մահացած է 68 տարեկան քաղաքացի երկկողմանի թոքաբորբով: Վարչապետի խօսքով, ենթադրաբար անոր մահը «Քորոնա» ժահրի հետեւանք է: Քաղաքացին ունեցած է ուղեկցող հիւանդութիւններ: 

Հայաստանի մէջ հաստատուած դէպքերու թիւն այսպիսով հասաւ 833-ի, 57 մարդ ապաքինուած է, ութ մարդ մահացած։ 

«Քորոնա» ժահրի տնտեսական վնասները մեծ պիտի ըլլան Հայաստանի մէջ. Նախարար
Նախորդ նիւթը

«Քորոնա» ժահրի տնտեսական վնասները մեծ պիտի ըլլան Հայաստանի մէջ. Նախարար

Հայաստանի մէջ սկսած է գործել Covid-19 բջիջային յաւելուածը
Յաջորդ նիւթը

Հայաստանի մէջ սկսած է գործել Covid-19 բջիջային յաւելուածը

ԱնցնիլՎեր