Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 18 698-ի

Հայաստանի մէջ,  18 յունիսին, ժամը 11:00-ի դրութեամբ, հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան ընդհանուր 18 698 դէպք, որոնցմէ 7560 ը` առողջացած: Այս մասին նշուած է ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնի կայքին մէջ: «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 10 728 վարակակիր: Ընդհանուր առմամբ, կատարուած է 89 992 քննութիւն: Այսպիսով` ունինք «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ հաստատուած 665 նոր դէպք եւ  746 առողջացած։ «Քորոնա» ժահրային հիւանդութենէն արձանագրուած է մահուան 7 նոր դէպք (ընդհանուր մահերու թիւը հասաւ՝ 309): ՀՀ առողջապահութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ մահացած հիւանդները եղած են    62, 70, 85 տարեկան տղամարդիկ եւ 65, 79, 64, 76  տարեկան կանայք։ Բոլորը
18 Հունիսի 2020
3 ր. ընթերցում
Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 18 698-ի

Հայաստանի մէջ,  18 յունիսին, ժամը 11:00-ի դրութեամբ, հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան ընդհանուր 18 698 դէպք, որոնցմէ 7560 ը` առողջացած:

Այս մասին նշուած է ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնի կայքին մէջ:

«Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 10 728 վարակակիր: Ընդհանուր առմամբ, կատարուած է 89 992 քննութիւն: Այսպիսով` ունինք «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ հաստատուած 665 նոր դէպք եւ  746 առողջացած։

«Քորոնա» ժահրային հիւանդութենէն արձանագրուած է մահուան 7 նոր դէպք (ընդհանուր մահերու թիւը հասաւ՝ 309):

ՀՀ առողջապահութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ մահացած հիւանդները եղած են    62, 70, 85 տարեկան տղամարդիկ եւ 65, 79, 64, 76  տարեկան կանայք։ Բոլորը ունեցած են ուղեկցող քրոնիկական հիւանդութիւններ։

Արձանագրուած է մահուան եւս 2 դէպք, երբ հիւանդին մօտ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային վարակ, սակայն մահուան պատճառ եղած է այլ հիւանդութիւն։ Այդպիսի դէպքերու ընդհանուր թիւը 101 է:

NEW YORK TIMES-ը անդրադարձած է Գագիկ Ծառուկեանը անձեռնմխելիութենէ զրկելու եւ կալանաւորելու գործընթացին
Նախորդ նիւթը

NEW YORK TIMES-ը անդրադարձած է Գագիկ Ծառուկեանը անձեռնմխելիութենէ զրկելու եւ կալանաւորելու գործընթացին

Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հարցով հերթական հեռակայ համաժողովը՝  Յունիսի աւարտին. Զախարովա
Յաջորդ նիւթը

Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հարցով հերթական հեռակայ համաժողովը՝ Յունիսի աւարտին. Զախարովա

ԱնցնիլՎեր