Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 25 542-ի

Հայաստանի մէջ,  30 յունիսին, ժամը 11:00-ի դրութեամբ, հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան ընդհանուր 25 542 դէպք, որոնցմէ 14 048` առողջացած: Այս մասին նշուած է ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնի կայքին մէջ: «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 10 904 վարակակիր: Ընդհանուր առմամբ, կատարուած է 111 884 քննութիւն: Այսպիսով` ունինք «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ հաստատուած 415  նոր դէպք եւ  751 առողջացած։ «Քորոնա» ժահրային հիւանդութենէն արձանագրուած է մահուան 10 նոր դէպք (ընդհանուր մահերու թիւը հասաւ՝ 443): ՀՀ առողջապահութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ մահացած հիւանդները եղած են 74, 43, 46  տարեկան տղամարդիկ եւ 59, 82, 65, 80, 74,
30 Հունիսի 2020
3 ր. ընթերցում
Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 25 542-ի

Հայաստանի մէջ,  30 յունիսին, ժամը 11:00-ի դրութեամբ, հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան ընդհանուր 25 542 դէպք, որոնցմէ 14 048` առողջացած:

Այս մասին նշուած է ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնի կայքին մէջ:

«Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 10 904 վարակակիր:

Ընդհանուր առմամբ, կատարուած է 111 884 քննութիւն:

Այսպիսով` ունինք «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ հաստատուած 415  նոր դէպք եւ  751 առողջացած։

«Քորոնա» ժահրային հիւանդութենէն արձանագրուած է մահուան 10 նոր դէպք (ընդհանուր մահերու թիւը հասաւ՝ 443):

ՀՀ առողջապահութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ մահացած հիւանդները եղած են 74, 43, 46  տարեկան տղամարդիկ եւ 59, 82, 65, 80, 74, 87, 73  տարեկան կանայք: Բոլորը ունեցած են ուղեկցող քրոնիկական հիւանդութիւններ։

Արձանագրուած է մահուան եւս 4 դէպք, երբ հիւանդին մօտ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային վարակ, սակայն մահուան պատճառ եղած է այլ հիւանդութիւն։ Այդպիսի դէպքերու ընդհանուր թիւը 147 է:

Արաբական մամուլը լայնօրէն անդրադարձած է Արմէն Սարգսեանի` Հայոց Ցեղասպանութեան մասին հարցազրոյցին
Նախորդ նիւթը

Արաբական մամուլը լայնօրէն անդրադարձած է Արմէն Սարգսեանի` Հայոց Ցեղասպանութեան մասին հարցազրոյցին

Էմանուէլ Մաքրոնը զօրակցութեան նամակ յղած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին
Յաջորդ նիւթը

Էմանուէլ Մաքրոնը զօրակցութեան նամակ յղած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին

ԱնցնիլՎեր