Արաբական մամուլը լայնօրէն անդրադարձած է Արմէն Սարգսեանի` Հայոց Ցեղասպանութեան մասին հարցազրոյցին

Արաբական յայտնի ` 1875թ. հիմնադրուած եւ օրական 1 միլիոն տպաքանակով լոյս տեսնող «Ահրամ» (Եգիպտոս) օրաթերթին մէջ Յունիս 25-ին հրապարակուած` Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի բացառիկ հարցազրոյցը լայն արձագանգ գտած է արաբական աշխարհի այլ յայտնի լրատուամիջոցներու մէջ:  Այս մասին կը տեղեկանանք ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն: Անոնցմէ ոմանք ոչ միայն անդրադարձած են հարցազրոյցին, այլեւ` իրենք ալ վերատպած են զայն, եւս մէկ անգամ բարձրաձայնելով Հայաստանի նախագահին խօսքը. «Մենք չենք կրնար մոռնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ չենք կրնար հաշտուիլ ատոր հետեւանքներուն հետ: Մենք չենք կրնար անտեսել զոհերու եւ վերապրածներու տառապանքները եւ անոնց սերունդներու համար պէտք է ապահովենք անվտանգ ու արժանապատիւ ապագայ»: «Հայոց Ցեղասպանութեան յանցագործութիւնը վաղեմութեան
30 Հունիսի 2020
6 ր. ընթերցում
Արաբական մամուլը լայնօրէն անդրադարձած է Արմէն Սարգսեանի` Հայոց Ցեղասպանութեան մասին հարցազրոյցին

Արաբական յայտնի ` 1875թ. հիմնադրուած եւ օրական 1 միլիոն տպաքանակով լոյս տեսնող «Ահրամ» (Եգիպտոս) օրաթերթին մէջ Յունիս 25-ին հրապարակուած` Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի բացառիկ հարցազրոյցը լայն արձագանգ գտած է արաբական աշխարհի այլ յայտնի լրատուամիջոցներու մէջ:  Այս մասին կը տեղեկանանք ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն:

Անոնցմէ ոմանք ոչ միայն անդրադարձած են հարցազրոյցին, այլեւ` իրենք ալ վերատպած են զայն, եւս մէկ անգամ բարձրաձայնելով Հայաստանի նախագահին խօսքը. «Մենք չենք կրնար մոռնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ չենք կրնար հաշտուիլ ատոր հետեւանքներուն հետ: Մենք չենք կրնար անտեսել զոհերու եւ վերապրածներու տառապանքները եւ անոնց սերունդներու համար պէտք է ապահովենք անվտանգ ու արժանապատիւ ապագայ»:

«Հայոց Ցեղասպանութեան յանցագործութիւնը վաղեմութեան ժամկէտ չունի. Օսմանցիները իրականացուցին պատմութեան մէջ ամենազարհուրելի Ցեղասպանութիւնը» վերնագրուած հարցազրոյցը մասնաւորապէս արտատպուած է քրտական հեղինակաւոր ANF (Firat News Agency) լրատուական գործակալութիւնը:

Հարցազրոյցը ամբողջութեամբ արտատպած է սուրիական հեղինակաւոր «Ալ Ազմինա” պարբերականը:

Յիշեցնենք, որ հարցազրոյցին մէջ նախագահ Արմէն Սարգսեան մասնաւորապէս խօսած էր Հայոց Ցեղասպանութեան, ցեղասպանութիւնը ճանչնալու կարեւորութեան եւ ցեղասպանութեան դասերու մասին:

«Ցաւալի է գիտակցիլ, որ մարդկութիւնը դասեր չքաղեց Հայոց Ցեղասպանութենէն, ան մոռցուեցաւ, երկար ժամանակ մնաց չճանչցուած ու չդատապարտուած, որ կրնար կանխել մարդկութեան պատմութեան ընթացքին յետագայ նման ոճրագործութիւնները: Եւ մարդկութիւնը ատկէ ետք նորէն ականատես եղաւ այլ ցեղասպանութիւններու,-հարցազրոյցին մէջ մասնաւորապէս ըսած էր նախագահ Սարգսեան: -Իմ խորին համոզումով, Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը ոչ միայն հայերուս համար է, այլ առաջին հերթին այն համամարդկային անանց արժէքներու նկատմամբ մօտեցման հարց է, այդ չարիքը կանխարգիլելու հարց: Նոյն այս գիտակցութեամբ կ՛առաջնորդուի Հայաստանը` իր քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններէն մէկը սահմանելով ցեղասպանութիւններու կանխարգիլումը եւ այս ուղղութեամբ աշխուժօրէն քայլեր ձեռնարկելով ազգային եւ միջազգային մակարդակներով»:

Կը հաւաստիացնեմ, որ Արցախի սահմանները անառիկ են, իսկ բանակը առաւել եւս հզօրացնելուն միտուած մեր ջանքերը տարուէ տարի միայն պիտի բազմապատկուին. Արայիկ Յարութիւնեան
Նախորդ նիւթը

Կը հաւաստիացնեմ, որ Արցախի սահմանները անառիկ են, իսկ բանակը առաւել եւս հզօրացնելուն միտուած մեր ջանքերը տարուէ տարի միայն պիտի բազմապատկուին. Արայիկ Յարութիւնեան

Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 25 542-ի
Յաջորդ նիւթը

Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 25 542-ի

ԱնցնիլՎեր