Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 32 151-ի

Հայաստանի մէջ, 13 յուլիսին, ժամը 11:00-ի դրութեամբ, հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան ընդհանուր 32 151 դէպք, որոնցմէ 19 865-ը` առողջացած: Այս մասին նշուած է ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնի կայքին մէջ: «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 11 530 վարակակիր: Ընդհանուր առմամբ, կատարուած է 135 687 քննութիւն: Այսպիսով` ունինք «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ հաստատուած 182 նոր դէպք եւ  232 առողջացած։ «Քորոնա» ժահրային հիւանդութենէն արձանագրուած է մահուան 8 նոր դէպք (ընդհանուր մահերու թիւը հասաւ՝ 573): ՀՀ առողջապահութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ մահացած հիւանդները եղած են 83 (տղամարդ), 71 (տղամարդ), 59 (կին), 70 (կին), 80 (կին), 70 (կին),
13 Հուլիսի 2020
3 ր. ընթերցում
Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 32 151-ի

Հայաստանի մէջ, 13 յուլիսին, ժամը 11:00-ի դրութեամբ, հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան ընդհանուր 32 151 դէպք, որոնցմէ 19 865-ը` առողջացած:

Այս մասին նշուած է ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնի կայքին մէջ:

«Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 11 530 վարակակիր: Ընդհանուր առմամբ, կատարուած է 135 687 քննութիւն:

Այսպիսով` ունինք «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ հաստատուած 182 նոր դէպք եւ  232 առողջացած։

«Քորոնա» ժահրային հիւանդութենէն արձանագրուած է մահուան 8 նոր դէպք (ընդհանուր մահերու թիւը հասաւ՝ 573):

ՀՀ առողջապահութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ մահացած հիւանդները եղած են 83 (տղամարդ), 71 (տղամարդ), 59 (կին), 70 (կին), 80 (կին), 70 (կին), 81 (տղամարդ) եւ 74 (տղամարդ) տարեկան: Բոլորը ունեցած են ուղեկցող քրոնիկական հիւանդութիւններ։

Արձանագրուած է մահուան եւս 1 դէպք, երբ հիւանդին մօտ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային վարակ, սակայն մահուան պատճառ եղած է այլ հիւանդութիւն։ Այդպիսի դէպքերու ընդհանուր թիւը 183 է:

Հենրիխ Մխիթարեանը լաւագոյն ֆութպոլիստ
Նախորդ նիւթը

Հենրիխ Մխիթարեանը լաւագոյն ֆութպոլիստ

ՀՀ քաղաքացիական բնակչութեան անվտանգութեան դէմ ուղղուած այս թշնամական գործողութիւնները պիտի ստանան իրենց համարժէք պատասխանը. ԱԳՆ
Յաջորդ նիւթը

ՀՀ քաղաքացիական բնակչութեան անվտանգութեան դէմ ուղղուած այս թշնամական գործողութիւնները պիտի ստանան իրենց համարժէք պատասխանը. ԱԳՆ

ԱնցնիլՎեր