ՀՀ քաղաքացիական բնակչութեան անվտանգութեան դէմ ուղղուած այս թշնամական գործողութիւնները պիտի ստանան իրենց համարժէք պատասխանը. ԱԳՆ

Ատրպէյճանական կողմը կը շարունակէ իր թշնամական գործողութիւնները հայ-ատրպէյճանական սահմանին` դիտաւորեալ թիրախաւորելով քաղաքացիական ենթակառուցուածքներն ու բնակչութիւնը եւ ընդլայնելով լարուածութեան աշխարհագրութիւնը:Այս մասին ըսած է ՀՀ ԱԳՆ խօսնակ Աննա Նաղդալեան` մեկնաբանելով Ատրպէյճանի ԶՈՒ կողմէ Բերդ քաղաքի հրետանակոծման փաստը: «Այսօր հարուածային ԱԹՍ-ի միջոցով հրետանակոծման ենթարկուած է Բերդ քաղաքի քաղաքացիական ենթակառուցուածքները: ՀՀ քաղաքացիական բնակչութեան անվտանգութեան դէմ ուղղուած այս թշնամական գործողութիւնները պիտի ստանան իրենց համարժէք պատասխանը, որուն ողջ պատասխանատւութիւնը կը կրէ ատրպէյճանական կողմը», — ըսուած է  ԱԳՆ խօսնակի տարածած յայտարարութեան մէջ։
14 Հուլիսի 2020
2 ր. ընթերցում
ՀՀ քաղաքացիական բնակչութեան անվտանգութեան դէմ ուղղուած այս թշնամական գործողութիւնները պիտի ստանան իրենց համարժէք պատասխանը. ԱԳՆ

Ատրպէյճանական կողմը կը շարունակէ իր թշնամական գործողութիւնները հայ-ատրպէյճանական սահմանին` դիտաւորեալ թիրախաւորելով քաղաքացիական ենթակառուցուածքներն ու բնակչութիւնը եւ ընդլայնելով լարուածութեան աշխարհագրութիւնը:Այս մասին ըսած է ՀՀ ԱԳՆ խօսնակ Աննա Նաղդալեան` մեկնաբանելով Ատրպէյճանի ԶՈՒ կողմէ Բերդ քաղաքի հրետանակոծման փաստը:

«Այսօր հարուածային ԱԹՍ-ի միջոցով հրետանակոծման ենթարկուած է Բերդ քաղաքի քաղաքացիական ենթակառուցուածքները:

ՀՀ քաղաքացիական բնակչութեան անվտանգութեան դէմ ուղղուած այս թշնամական գործողութիւնները պիտի ստանան իրենց համարժէք պատասխանը, որուն ողջ պատասխանատւութիւնը կը կրէ ատրպէյճանական կողմը», — ըսուած է  ԱԳՆ խօսնակի տարածած յայտարարութեան մէջ։

Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 32 151-ի
Նախորդ նիւթը

Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 32 151-ի

ԶՈՒ ստորաբաժանումները կ՛ոչնչացնեն Տաւուշի սահմանամերձ բնակավայրերը հրետակոծած ատրպէյճանական յենակէտերը
Յաջորդ նիւթը

ԶՈՒ ստորաբաժանումները կ՛ոչնչացնեն Տաւուշի սահմանամերձ բնակավայրերը հրետակոծած ատրպէյճանական յենակէտերը

ԱնցնիլՎեր