Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 39  586-ի

Հայաստանի մէջ, 5 Օգոստոսին, ժամը 11:00-ի դրութեամբ, հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան ընդհանուր 39  586 դէպք, որոնցմէ 30 850-ը` առողջացած: Այս մասին նշուած է ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնի կայքին մէջ: «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 7 738 վարակակիր: Ընդհանուր առմամբ, կատարուած է 170 012 քննութիւն: Այսպիսով` ունինք «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ հաստատուած 288 նոր դէպք եւ  478 առողջացած։ «Քորոնա» ժահրային հիւանդութենէն արձանագրուած է մահուան 2 նոր դէպք (ընդհանուր մահերու թիւը հասաւ՝ 770): ՀՀ առողջապահութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ մահացած հիւանդները եղած են 64 տարեկան տղամարդ եւ 63 տարեկան կին։ Երկուքն ալ ունեցած են ուղեկցող
5 Օգոստոսի 2020
2 ր. ընթերցում
Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 39  586-ի

Հայաստանի մէջ, 5 Օգոստոսին, ժամը 11:00-ի դրութեամբ, հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան ընդհանուր 39  586 դէպք, որոնցմէ 30 850-ը` առողջացած:

Այս մասին նշուած է ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնի կայքին մէջ:

«Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 7 738 վարակակիր: Ընդհանուր առմամբ, կատարուած է 170 012 քննութիւն:

Այսպիսով` ունինք «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ հաստատուած 288 նոր դէպք եւ  478 առողջացած։

«Քորոնա» ժահրային հիւանդութենէն արձանագրուած է մահուան 2 նոր դէպք (ընդհանուր մահերու թիւը հասաւ՝ 770):

ՀՀ առողջապահութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ մահացած հիւանդները եղած են 64 տարեկան տղամարդ եւ 63 տարեկան կին։ Երկուքն ալ ունեցած են ուղեկցող քրոնիկական հիւանդութիւններ։

 

Կը սգանք Լիբանանի եղբայրական ժողովուրդին հետ. ԱԺ Նախագահ
Նախորդ նիւթը

Կը սգանք Լիբանանի եղբայրական ժողովուրդին հետ. ԱԺ Նախագահ

100 ԱՄԵԱԿ. Միհրան Տամատեանի Առաքելութիւնն Ու Կիլիկիոյ Միօրեայ Անկախութիւնը
Յաջորդ նիւթը

100 ԱՄԵԱԿ. Միհրան Տամատեանի Առաքելութիւնն Ու Կիլիկիոյ Միօրեայ Անկախութիւնը

ԱնցնիլՎեր