Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 40 593-ի

Հայաստանի մէջ, 11 Օգոստոսին, ժամը 11:00-ի դրութեամբ, հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան ընդհանուր 40 593 դէպք, որոնցմէ 33 157-ը` առողջացած: Այս մասին նշուած է ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնի կայքին մէջ: «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 6 399 վարակակիր: Ընդհանուր առմամբ, կատարուած է 177 322 քննութիւն: Այսպիսով` ունինք «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ հաստատուած 160 նոր դէպք եւ  541 առողջացած։ «Քորոնա» ժահրային հիւանդութենէն արձանագրուած է մահուան 7 նոր դէպք (ընդհանուր մահերու թիւը հասաւ՝ 803): ՀՀ առողջապահութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ մահացած հիւանդները եղած են  71, 86, 81, 67 տարեկան տղամարդիկ եւ 71, 73, 84 տարեկան կանայք։
11 Օգոստոսի 2020
3 ր. ընթերցում
Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 40 593-ի

Հայաստանի մէջ, 11 Օգոստոսին, ժամը 11:00-ի դրութեամբ, հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան ընդհանուր 40 593 դէպք, որոնցմէ 33 157-ը` առողջացած:

Այս մասին նշուած է ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնի կայքին մէջ:

«Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 6 399 վարակակիր: Ընդհանուր առմամբ, կատարուած է 177 322 քննութիւն:

Այսպիսով` ունինք «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ հաստատուած 160 նոր դէպք եւ  541 առողջացած։

«Քորոնա» ժահրային հիւանդութենէն արձանագրուած է մահուան 7 նոր դէպք (ընդհանուր մահերու թիւը հասաւ՝ 803):

ՀՀ առողջապահութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ մահացած հիւանդները եղած են  71, 86, 81, 67 տարեկան տղամարդիկ եւ 71, 73, 84 տարեկան կանայք։ Բոլորն ալ ունեցած են ուղեկցող քրոնիկական հիւանդութիւններ։

Արձանագրուած է մահուան եւս 6 դէպք, երբ հիւանդներուն մօտ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային վարակ, սակայն մահը վրայ հասած է այլ հիւանդութեան պատճառով։ Այդպիսի դէպքերու ընդհանուր թիւը 234 է։

Սեւրի պայմանագիրը պատմական փաստ Է, մեր պարտքն է յիշել զայն, եւ պահպանել անոր խորհուրդը. ՀՀ Վարչապետ
Նախորդ նիւթը

Սեւրի պայմանագիրը պատմական փաստ Է, մեր պարտքն է յիշել զայն, եւ պահպանել անոր խորհուրդը. ՀՀ Վարչապետ

Հակամարտութեան մակարդակը իրականութեան մէջ աճած է շատ առումներով. Պոլթըն
Յաջորդ նիւթը

Հակամարտութեան մակարդակը իրականութեան մէջ աճած է շատ առումներով. Պոլթըն

ԱնցնիլՎեր