Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 42 825-ի

Հայաստանի մէջ, 23 Օգոստոսին, ժամը 11:00-ի դրութեամբ, հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան ընդհանուր 42 825 դէպք, որոնցմէ 36 049-ը` առողջացած: Այս մասին նշուած է ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնի կայքին մէջ: «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 5 666 վարակակիր: Ընդհանուր առմամբ, կատարուած է 195 574 քննութիւն: Այսպիսով` ունինք «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ հաստատուած 33 նոր դէպք եւ 58 առողջացած։ «Քորոնա» ժահրային հիւանդութենէն արձանագրուած է մահուան 2 նոր դէպք (ընդհանուր մահերու թիւը հասաւ՝ 854): ՀՀ առողջապահութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ մահացած հիւանդները եղած են  71, 72 տարեկան կանայք: Անոնք ունեցած են ուղեկցող քրոնիկական հիւանդութիւններ։ Արձանագրուած է մաճուան
24 Օգոստոսի 2020
3 ր. ընթերցում
Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ  42 825-ի

Հայաստանի մէջ, 23 Օգոստոսին, ժամը 11:00-ի դրութեամբ, հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան ընդհանուր 42 825 դէպք, որոնցմէ 36 049-ը` առողջացած:

Այս մասին նշուած է ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնի կայքին մէջ:

«Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 5 666 վարակակիր: Ընդհանուր առմամբ, կատարուած է 195 574 քննութիւն:

Այսպիսով` ունինք «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ հաստատուած 33 նոր դէպք եւ 58 առողջացած։

«Քորոնա» ժահրային հիւանդութենէն արձանագրուած է մահուան 2 նոր դէպք (ընդհանուր մահերու թիւը հասաւ՝ 854):

ՀՀ առողջապահութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ մահացած հիւանդները եղած են  71, 72 տարեկան կանայք: Անոնք ունեցած են ուղեկցող քրոնիկական հիւանդութիւններ։

Արձանագրուած է մաճուան եւս 1 դէպք, երբ հիւանդներուն մօտ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային վարակ, սակայն մահը վրայ հասած է այլ հիւանդութեան պատճառով։ Այդպիսի դէպքերու ընդհանուր թիւը 256 է:

Պանծալի Հարիւրամեակի Սեմին. Յայտարարութիւն
Նախորդ նիւթը

Պանծալի Հարիւրամեակի Սեմին. Յայտարարութիւն

Սպայ Գուրգէն Ալաւէրտեանը եղանակային անբարենպաստ պայմաններու պատճառով շփոթած եւ մոլորած է. ՊՆ-ի խօսնակ
Յաջորդ նիւթը

Սպայ Գուրգէն Ալաւէրտեանը եղանակային անբարենպաստ պայմաններու պատճառով շփոթած եւ մոլորած է. ՊՆ-ի խօսնակ

ԱնցնիլՎեր