Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 44 271-ի

Հայաստանի մէջ այսօր՝ 3 սեպտեմբերին հաստատուած է «Քորոնա»ով վարակուած 196 նոր  դէպք։ Այսպիսով «Քորոնա»ով վարակուածներու ընդհանուր թիւը կը հասնի 44 271-ի, որոնցմէ բուժուած է 38 855 անձ։ Փաստացի, այս պահուն, կը բուժուի 4 258 հիւանդ: Այս մասին տեղեկութիւնը տուած է ՀՀ Առողջապահութեան նախարարութիւնը նշելով նաեւ, որ համավարակի սկիզբէն ի վեր Հայաստանի մահացածներուն թիւը հասած է 887-ի։ Մէկ օրուան մէջ «Քորոնա» ժահրի հետեւանքով մահացած է 3 քաղաքացի: Ինչ կը վերաբերի այսօր առողջացածներու թիւին ապա այն  224-ն է։
3 Սեպտեմբերի 2020
1 ր. ընթերցում
Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 44 271-ի

Հայաստանի մէջ այսօր՝ 3 սեպտեմբերին հաստատուած է «Քորոնա»ով վարակուած 196 նոր  դէպք։ Այսպիսով «Քորոնա»ով վարակուածներու ընդհանուր թիւը կը հասնի 44 271-ի, որոնցմէ բուժուած է 38 855 անձ։

Փաստացի, այս պահուն, կը բուժուի 4 258 հիւանդ:

Այս մասին տեղեկութիւնը տուած է ՀՀ Առողջապահութեան նախարարութիւնը նշելով նաեւ, որ համավարակի սկիզբէն ի վեր Հայաստանի մահացածներուն թիւը հասած է 887-ի։ Մէկ օրուան մէջ «Քորոնա» ժահրի հետեւանքով մահացած է 3 քաղաքացի:

Ինչ կը վերաբերի այսօր առողջացածներու թիւին ապա այն  224-ն է։

Աղօթք եւ հոգեհանգիստ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին զոհուածներու յիշատակին (Լուսանկարներ)
Նախորդ նիւթը

Աղօթք եւ հոգեհանգիստ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին զոհուածներու յիշատակին (Լուսանկարներ)

Էրտողանը զօրավարներէն պահանջած է խորտակել յունական նաւերէն մէկը
Յաջորդ նիւթը

Էրտողանը զօրավարներէն պահանջած է խորտակել յունական նաւերէն մէկը

ԱնցնիլՎեր