Էրտողանը զօրավարներէն պահանջած է խորտակել յունական նաւերէն մէկը

Էրտողանն իր ռազմածովային ուժերէն պահանջած է խորտակել յունական նաւերէն մէկը։ Այս մասին գրած է գերմանական «Die Welt» պարբերականը՝ յղում ընելով իր ռազմական աղբիւրներուն։ «Էրտողանի հաշուարկած պատերազմը» յօդուածին մէջ տեղ գտած է հետեւեալ արտայայտութիւնը․ «Եթէ Էրտողանին հայեցողութեան մնար, ապա Թուրքիան արդէն խորտակած կ’ըլլար յունական նաւերէն մէկը»։ Ermenihaber-ի փոխանցմամբ՝ պարբերականը նշած է, որ օրեր առաջ Էրտողանը թուրք զօրավարներէն պահանջած է խորտակել Յունաստանին պատկանող նաւը, բայց այնպէս, որ ոչ ոք տուժէ։ Այդ առաջարկը, սակայն, մերժուած է թուրք բարձրաստիճան զինուորականներու կողմէն։ Այդ ժամանակ ստացած են երկրորդ նմանատիպ առաջարկը՝ խոցել յունական ռազմական օդանաւերէն մէկը, սակայն այս առաջարկն ալ մերժուած է զօրավարներու կողմէն:
3 Սեպտեմբերի 2020
2 ր. ընթերցում
Էրտողանը զօրավարներէն պահանջած է խորտակել յունական նաւերէն մէկը

Էրտողանն իր ռազմածովային ուժերէն պահանջած է խորտակել յունական նաւերէն մէկը։ Այս մասին գրած է գերմանական «Die Welt» պարբերականը՝ յղում ընելով իր ռազմական աղբիւրներուն։

«Էրտողանի հաշուարկած պատերազմը» յօդուածին մէջ տեղ գտած է հետեւեալ արտայայտութիւնը․ «Եթէ Էրտողանին հայեցողութեան մնար, ապա Թուրքիան արդէն խորտակած կ’ըլլար յունական նաւերէն մէկը»։

Ermenihaber-ի փոխանցմամբ՝ պարբերականը նշած է, որ օրեր առաջ Էրտողանը թուրք զօրավարներէն պահանջած է խորտակել Յունաստանին պատկանող նաւը, բայց այնպէս, որ ոչ ոք տուժէ։ Այդ առաջարկը, սակայն, մերժուած է թուրք բարձրաստիճան զինուորականներու կողմէն։

Այդ ժամանակ ստացած են երկրորդ նմանատիպ առաջարկը՝ խոցել յունական ռազմական օդանաւերէն մէկը, սակայն այս առաջարկն ալ մերժուած է զօրավարներու կողմէն:

Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 44 271-ի
Նախորդ նիւթը

Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 44 271-ի

Ատրպէյճանցի ընդդիմադիրը 4 տարուան ազատազրկման դատապարտուած է
Յաջորդ նիւթը

Ատրպէյճանցի ընդդիմադիրը 4 տարուան ազատազրկման դատապարտուած է

ԱնցնիլՎեր