Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 2619-ի

Հայաստանի մէջ, 5 մայիսին, ժամը 11:00-ի դրութեամբ, հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան ընդհանուր 2619 դէպք, որոնցմէ 1111-ը` առողջացած: Այս մասին նշուած է ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնի կայքին մէջ: «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 1462 վարակակիր: Ընդհանուր առմամբ, կատարուած է 25 846 քննութիւն: Այսպիսով` կայ «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ հաստատուած 112 նոր դէպք եւ 40 առողջացած։ Ընդհանուր առմամբ, «Քորոնա» ժահրային հիւանդութենէն արձանագրուած է մահուան 40 (աւելցած է եւս 1-ով) դէպք: ՀՀ առողջապահութեան նախարարութենէն կը յայտնեն, որ «Քորոնա» ժահրային հիւանդութենէն մահացած հիւանդը 64 տարեկան կին է եւ ունեցած է ուղեկցող քրոնիկական հիւանդութիւններ։ Արձանագրուած է մահուան
5 Մայիսի 2020
3 ր. ընթերցում
Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 2619-ի

Հայաստանի մէջ, 5 մայիսին, ժամը 11:00-ի դրութեամբ, հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան ընդհանուր 2619 դէպք, որոնցմէ 1111-ը` առողջացած:

Այս մասին նշուած է ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնի կայքին մէջ:

«Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 1462 վարակակիր: Ընդհանուր առմամբ, կատարուած է 25 846 քննութիւն: Այսպիսով` կայ «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ հաստատուած 112 նոր դէպք եւ 40 առողջացած։

Ընդհանուր առմամբ, «Քորոնա» ժահրային հիւանդութենէն արձանագրուած է մահուան 40 (աւելցած է եւս 1-ով) դէպք:

ՀՀ առողջապահութեան նախարարութենէն կը յայտնեն, որ «Քորոնա» ժահրային հիւանդութենէն մահացած հիւանդը 64 տարեկան կին է եւ ունեցած է ուղեկցող քրոնիկական հիւանդութիւններ։ Արձանագրուած է մահուան եւս 2 դէպք, երբ հիւանդներու մօտ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային վարակ, սակայն մահը վրայ հասած է այլ հիւանդութեան պատճառով։ Այդ դէպքերու ընդհանուր թիւը 6 է։

Ուաշինկթընի Ռէտմոնմ քաղաքի Սուրբ Յարութիւն եկեղեցին յարձակումի ենթարկուած է
Նախորդ նիւթը

Ուաշինկթընի Ռէտմոնմ քաղաքի Սուրբ Յարութիւն եկեղեցին յարձակումի ենթարկուած է

Հայ օդաչուներու սլացիկ թռիչքները ՝ Սու-30 կործանիչներով (Տեսանիւթ)
Յաջորդ նիւթը

Հայ օդաչուներու սլացիկ թռիչքները ՝ Սու-30 կործանիչներով (Տեսանիւթ)

ԱնցնիլՎեր