Հայաստանի մէջ «Քորոնա» Ժահրով վարակուած անձերու հաստատուած թիւը հասաւ 5041-ի

Հայաստանի մէջ, 19 մայիսին, ժամը 11:00-ի դրութեամբ, հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան ընդհանուր 5041 դէպք, որոնցմէ 2164-ը` առողջացած: Այս մասին նշուած է ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնի կայքին մէջ: «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 2788 վարակակիր: Ընդհանուր առմամբ, կատարուած է 43 041 քննութիւն: Այսպիսով` կայ «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ հաստատուած 218 նոր դէպք եւ 145 առողջացած։ Ընդհանուր առմամբ, «Քորոնա» ժահրային հիւանդութենէն արձանագրուած է մահուան 64 (աւելցած է եւս 3-ով) դէպք: ՀՀ առողջապահութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ մահացած հիւանդները եղած են 59 եւ 56 տարեկան տղամարդիկ եւ 74 տարեկան կին, եւ ունեցած են ուղեկցող
19 Մայիսի 2020
2 ր. ընթերցում
Հայաստանի մէջ «Քորոնա» Ժահրով վարակուած անձերու հաստատուած թիւը հասաւ 5041-ի

Հայաստանի մէջ, 19 մայիսին, ժամը 11:00-ի դրութեամբ, հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան ընդհանուր 5041 դէպք, որոնցմէ 2164-ը` առողջացած:

Այս մասին նշուած է ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնի կայքին մէջ:

«Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 2788 վարակակիր: Ընդհանուր առմամբ, կատարուած է 43 041 քննութիւն: Այսպիսով` կայ «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ հաստատուած 218 նոր դէպք եւ 145 առողջացած։

Ընդհանուր առմամբ, «Քորոնա» ժահրային հիւանդութենէն արձանագրուած է մահուան 64 (աւելցած է եւս 3-ով) դէպք:

ՀՀ առողջապահութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ մահացած հիւանդները եղած են 59 եւ 56 տարեկան տղամարդիկ եւ 74 տարեկան կին, եւ ունեցած են ուղեկցող քրոնիկական հիւանդութիւններ։

Արձանագրուած է նաեւ մահուան 25 դէպք, երբ հիւանդին մօտ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային վարակ, սակայն մահը վրայ հասած է այլ հիւանդութեան պատճառով։ 

«Թաւշեայ յեղափոխութեան» մասին պատմող «Մենակ չեմ» տեսաֆիլմը՝ մրցանակակիր
Նախորդ նիւթը

«Թաւշեայ յեղափոխութեան» մասին պատմող «Մենակ չեմ» տեսաֆիլմը՝ մրցանակակիր

Զուարթնոցը կոչել «Շառլ Ազնաւուրի օդակայան» անունով. Նիքոլա Ազնաւուրի առաջարկը
Յաջորդ նիւթը

Զուարթնոցը կոչել «Շառլ Ազնաւուրի օդակայան» անունով. Նիքոլա Ազնաւուրի առաջարկը

ԱնցնիլՎեր